ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին բողոքի ցոյցերը կանգ առին, մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ Ազատութեան հրապարակին վրայ եւ սուգ պահուեցաւ նահատակներուն համար:
Նիկոլ Փաշինեանի վերջին գրառումները հակազդեցութեան նոր ալիք մը ստեղծեցին, իշխանական որոշ երեսփոխաններ կը լքեն իրենց խորհրդարանական խմբակցութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Սա եղաւ վերջին օրերու անոնց երկրորդ տեսակցութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը վաղը դաշտի վրայ պիտի սկսի գործնականօրէն։ Հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը։
Հռչակաւոր դերասան Արմէն Ճիկարխանեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքեց Մոսկուայի մէջ։ Ան 86 տարեկան հասակին հեռացաւ կեանքէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրէն ներս ստեղծուած ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ խորհրդակցութիւններ ունենալ քաղաքական շրջանակներու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հեղինակաւոր անհատներու հետ։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ դարձեալ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը, հնչեցին բողոքներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նախընթաց օր ուշ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախկին նախագահներէն Արքատի Ղուկասեանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ այս վերջինը Տէր-Պետրոսեանին այցելեց՝ իր մտահոգութիւնները արտայայտելով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի կայունացման որոնումները յառաջ կը տարուին՝ Երեւանի բազմամարդ հանրահաւաքներու ու երթերու զուգահեռ:
Ռուսաստանի խաղաղապահները կը տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս:
Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ հայաշխարհէն հեղինակաւոր կերպարներ հանդէս կու գան բուռն հակազդեցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Սամուէլ Պապայեան, որ վերջին շրջանին կը վարէր Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը։