ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԴԻՐՔԸ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադար հաստատելու ուղղեալ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ջանքերը դատապարտուած են, եթէ համաձայնութիւնները չեն երաշխաւորեր հայկական զօրքերու ետ քաշուիլը։
Եգիպտոսի մէջ յայտնաբերուած է քսանեօթ դագաղ, որոնք թաղուած են աւելի քան 2500 տարի առաջ, որ իր տեսակին մէջ ամենամեծ գտածոն է:
Հայկական ճարտարապետութեան գոհարներէն՝ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր Տաճարը աւերուեցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ:
Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց Արցախի մէջ հրադադարի հաստատման համար՝ գերիներու եւ դիակներու փոխանակման նպատակով: Միշուսթին Երեւան մեկնելէ առաջ զրուցեց Ատրպէյճանի պաշտօնակցին հետ:
Արցախի պատերազմի ներկայ ծանր փուլին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ հարցազրոյցներ տալ միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներուն։ Գերմանական «Spiegel» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտարարեց. «Այլեւս Ատրպէյճանը չէ, որ որոշումներ կը կայացնէ սեփական ճակատագրի վերաբերեալ, Թուրքիան կը կայացնէ այդ որոշումները»։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումը փտախտի մը վերածուած է։ Ափրիկեցի ղեկավարներու հետ ունեցած տեսաժողովին ժամանակ, Էրտողան երէկ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին։
Ժընեւի Քաղաքային խորհուրդը երէկ բանաձեւ մը ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ Այսպէս, այս բանաձեւով դատապարտուեցաւ Ատրպէյճանի ռազմական բռնութիւնը Արցախի դէմ։
Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշեր հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը եղած է յարաբերականօրէն կայուն-լարուած։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեանն ալ երէկ հաղորդած էր, որ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ ձեռնարկուած յարձակման փորձերը կը մատնուին անյաջողութեան։
Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի կրթամշակութային հաստատութիւնները պարբերաբար կը կազմակերպեն տարբեր բովանդակային ձեռնարկներ՝ իրենց բնակավայրէն ժամանակաւորապէս հեռացած երեխաներու ժամանցը ապահովելու համար։
Արշակ Ֆեթվաճեան ծնած է Տրապիզոն, 1 հոկտեմբեր 1863 թուականին: