Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՅՔԱՐԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած արտակարգ դրութեան կացութեան ներքեւ առօրեան կ՚ապրուի Հայաստանի մէջ։ Փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ պարետատան առաջին ժողովը։

ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՆՉԵՑՆԵԼ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՅԱՏԵԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Ատրպէյճանի մէջ վերջերս տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Նորընտիր խորհրդարանի բացման նիստը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։

ԱՄՆ-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԶԵԿՈՅՑԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՎԻՃԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջին օրերուն հրապարակեց Հայաստանի վերաբերեալ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան տարեկան զեկոյցը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը մատնանշեց, որ 2019-ին Հայաստանի կառավարութիւնը քայլերու ձեռնարկած է թէ՛ նախկին եւ թէ ներկայ պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած զեղծարարութիւնները հետաքննելու եւ մեղաւորները պատժելու ուղղութեամբ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարելու համար Հայաստանի մէջ երէկ արտակարգ դրութիւն հռչակուեցաւ։ Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ առնուեցաւ այս որոշումը, որուն համար նիստ մը գումարեց նաեւ Ազգային ժողովը։

ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին՝ առարկայ դառնալով համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան։ Ամենայն Հայոց Սրբութիւն Սրբոցը՝ Միածնաէջ Մայր Տաճարը հիմնանորոգութենէ կ՚անցնի վերջին շրջանին եւ այժմու կանխատեսումներով այդ գործընթացը աւելի քան տարի մը վերջ պիտի հասնի իր աւարտին։

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին՝ գահակալութեան տարեդարձին առթիւ։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ Հայաստան-Վատիկան միջպետական յարաբերութիւնները կը շարունակեն ներդաշնակ զարգանալ։

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ես թուրքիացի եմ, քաղաքացին Թուրքիոյ Հանրապետութեան: Երկրորդ՝ հայ եմ: Առաւել եւս, Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան մէկ մասնիկը ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ Հայաստանի եւ աշխարհատարած հայկական սփիւռքին բարոյական մէկ մասնիկն եմ, անոնց ցեղակիցն եմ»:

ԱՌԱՋՆԵԿԸ՝ ՆՈՐՈՎԻ

Հոգեւոր գլուխգործոց:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքի առաջին աշխարհաբար փոխադրութեան վերահրատարակութեան առթիւ փայլուն շնորհանդէս մը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթը հնարաւորութիւն ընձեռեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած ժառանգի վերարժեւորման: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց գեղահիւս հուսկ բանք մը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ: Թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան որդիաբար երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան եւ խոր յարգանքով վերյիշեց հոգելոյս փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեանը, որու նուիրեալ աշխատանքով կեանքի կոչուեցաւ հրատարակչական այս կարեւոր ծրագիրը:
Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան հանգամանօրէն ներկայացուց անկրկնելի երկին իմաստը եւ Քասիմի կողմէ կատարուած աշխատանքին բարձր նշանակութիւնը, ինչ որ կ՚առանձնանայ անոր թողած վիթխարի աւանդի ամբողջութեան մէջ:
Ժողովրդական արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեան դիպուկ ձայնով ընթերցեց հատուածներ: «Գեղարդ» խումբէն Լուիզա Երամեանի եւ Անահիտ Պապեանի մեներգները խոր տպաւորութիւն գործեցին ներկաներուն վրայ: Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտը դրաւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան մարտահրաւէրին վրայ՝ Յովհաննէս Թումանեանէ վկայութիւններով հանդերձ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Նարեկը թէեւ ազգային հողի վրայ արմատացած Հայ Եկեղեցւոյ ծոցէն վերընձիւղուած է, սակայն իր բնոյթով ունի համամարդկային արժէք, որով ամբողջ մարդկութեան կը մատուցուի Բարձրեալն Աստուծոյ հետ անընդմիջելի զրոյցի առանձնայատուկ փորձառութիւն մը։ Այս նշանակութեամբ Սուրբ Գրիգոր Նարկեցին եւ իր աղօթագիրքը դուրս են ժամանակային եւ աշխարհագրական սահմաններէ»:
«Մատեանի արեւմտահայերէն ներկայ վերահրատարակութիւնը կը նուիրուի պոլսահայ յայտնի մտաւորական, գրող, հրապարակախօս, խմբագիր ու հրատարակիչ Միսաք Գօչունեանի հիմնադրած ԺԱՄԱԱԿ օրաթերթի յոբելեանին՝ իբրեւ արժանի ընծայ արեւմտահայ իրականութեան մէջ կարեւոր աւանդ բերած այս պարբերականին»:

Էջեր