ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
«Ֆրեսքօ»ն այս տարի 7-րդ անգամ կը կազմակերպուի բազմակողմանի ծրագրով մը:
Նախատեսուած են յայտնի անուններու՝ Ճիվան Գասպարեանի եւ Ռուբէն Հախվերդեանի ելոյթները:
«Ֆրեսքօ»ն այս տարի 7-րդ անգամ կը կազմակերպուի բազմակողմանի ծրագրով մը:
Նախատեսուած են յայտնի անուններու՝ Ճիվան Գասպարեանի եւ Ռուբէն Հախվերդեանի ելոյթները:
Վրաստանի նախկին նախագահ Միխէիլ Սահակաշվիլի յայտարարեց, որ որոշած է վերադառնալ իր երկիրը։ Նախագահական աթոռէն հեռանալէ վերջ ան լքած էր Վրաստանը ու երկար ժամանակ ապրած՝ Ուքրայնոյ մէջ զբաղեցնելով զանազան պաշտօններ։
Արձակագիր եւ թարգմանիչ Վարուժան Նալպանտեան ծնած է 14 դեկտեմբեր 1929 թուականին՝ Գահիրէ, Եգիպտոս։ Ան 2010 թուականի օգոստոսի այս օրը մահացած է Երեւանի մէջ։ Ան Խորհրդային Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ դարձած է 1971 թուականին։
Եոհան Վոլֆկանկ Կէօթէ ծնած է 28 օգոստոս 1749 թուականին Մայնի Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ։ Հարուստ ընտանիքի մը երդիքին տակ աշխարհ եկաւ Կէօթէ։ Անոր մեծ հայրը քաղաքապետ, հայրը՝ կայսերական բարձր պաշտօնեայ էր, որ ունէր իրաւաբանական տոքթորի աստիճան, կը հետաքրքրուէր արուեստով, իր ժամանակի առաջաւոր գաղափարներով։
Յայտնի դարձաւ անունը պատմութեան մէջ առաջին այն անձաւորութիւնը, որու նիւթական կարողութիւնը գերազանցած է 200 միլիառ ամերիկեան տոլարը։ Այսպէս, աշխարհի ամենահարուստ մարդը՝ Amazon ընկերութեան ղեկավար Ճեֆ Պեզըս, դարձած է պատմութեան մէջ առաջին միլիառատէրը, որու նիւթական կարողութիւնը գերազանցած է 200 միլիառ տոլարը:
Ամերիկեան Apple աշխարհահռչակ ընկերութիւնը Սինկափուրի մէջ կը բանայ իր առաջին պաշտօնական խանութը ջուրի վրայ:
Ամերիկեան փորձագիտական հսկայի արտադրանքներու նոր խանութ-սրահը կը յայտնուի Marina Bay Sands հանգստավայրի շէնքին մէջ՝ գտնուելով ջուրի վրայ:
«Լաուրա» փոթորիկը մոլեգնած է Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի ծովեզերքին։ Այսպէս, «Լաուրա» սաստիկ փոթորիկը երէկ մոլեգնած է Լուիզիանա նահանգի ծովափին:
Ռուսաստան ներկայ լարուած շրջանին կը խտացնէ իր շփումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ: Սերկէյ Լաւրով երէկ ընդունեց Ճէյհուն Պայրամովը եւ խօսեցաւ Զօհրապ Մնացականեանի հետ. բանակցութիւններու վերսկսման համար խրախուսանք:
ԱՄՆ մտահոգուած՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ծագած առկայ լարուածութեան պատճառով: Թրամփ Էրտողանի եւ Միցոթաքիսի հետ հեռախօսազրոյցներով քննարկեց արեւելեան Միջերկրականի իրադրութիւնը:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի պայմաններուն ներքեւ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած քննութիւններուն թիւը առաջին անգամ գերազանցեց 100 հազարի շեմը։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։