MODERNA-ԷՆ ԼՈՒՐՋ ՈՍՏՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը գտնելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին Moderna ընկերութեան կողմէ, որու համահիմնադիրներէն եւ սեփականատէրերէն է ամերիկահայ գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Moderna-ի փորձարկումները կ՚ընթանան յաջող հունի մը մէջ։
Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Ռայնիսի փողոցին մէջ երէկ առաւօտ պատահած պայթումին հետեւանքով դժբախտաբար մէկ հոգի մահացաւ։ Փողոցի թիւ 3 հասցէի շէնքը կազի արտահոսքի հետեւանքով պատահած պայթումով փլաւ։
ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը վերջերս մասնաճիւղ մը հաստատեց Մոսկուայի մէջ։ Այսպէս, 26 օգոստոսին բացուեցաւ երրորդ միջազգային ԹՈՒՄՕ կեդրոնը՝ Փարիզէն եւ Պէյրութէն վերջ։
Արեւելեան Միջերկրականի լարուածութեան յաղթահարման նպատակով երկխօսութեան որոնումներ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Արիս Տիգրան Նշանը, որ ըլլալով Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ շատ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է համալսարանի մտից քննութիւններուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փափաքած է վերամուտի սեմին իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցել Արիս Տիգրան Նշանին, որ երէկ փութաց Պատրիարքարան։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային փախումներու լոյսին տակ Ռուսաստանի նախաձեռնութիւնները:
Հայաստանի Ազգային գրադարանը արդէն ունի նոր տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Աննա Չուլեանի։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան երէկ գրադարանի անձնակազմին ներկայացուց նորընտիր տնօրէնուհին։ Ներկայ էին նաեւ փոխ-նախարար Նարինէ Խաչատուրեան եւ նախարարի օգնական Դաւիթ Դանիէլեան։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ պարզած ընդհանուր պատկերը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։
Երեւանի Ռայնիսի փողոցի թիւ 3 հասցէին մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ սարսափելի պայթում մը, որու հետեւանքով շէնքը գրեթէ քանդուեցաւ։ Զէյթունի վարչական շրջանէն ներս պատահեցաւ դէպքը։