«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՄՐՑԱՆԱԿ ՇՆՈՐՀԵՑ ԿՐԵԹԱ ԹՈՒՆՊԵՐԿԻՆ
Լիզպոնի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով շնորհեց «Մարդասիրութեան համար» մրցանակը, որ յանձնուած է շուէտացի 17-ամեայ բնապահպան գործիչ Կրեթա Թունպերկին։ Շրջակայ միջավայրի պահպանման ուղղութեամբ իր «յամառ պայքարին» եւ այդ պայքարին մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու իր կարողութեան համար պարգեւատրուած է ան։
Հայ գրականութիւնը 2017 թուականի այս օրը ունեցաւ ծանր կորուստ մը. կորսնցուց Պերճ Զէյթունցեանը։ Ականաւոր արձակագիր, թատերագիր, հրապարակագիր եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան իսկապէս հեղինակաւոր անուն մըն էր եւ նոր շրջանին անփոխարինելի նպաստ մը բերած էր հայ գրականութեան։
Նկարիչ Սուրէն Սաֆարեան ծնած է 1923 թուականի այս օրը, Պաքուի մէջ: Սուրէն Սաֆարեանի ուսումնառութեան տարիները անցած են Երեւանի մէջ: Յաճախած է Գեղարուեստի ուսումնարան, 1942 թուականին աւարտելով զայն, անմիջապէս մեկնած է ռազմաճակատ:
Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականին քանի մը անդամները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ծանրաբարձութեան միջազգային առցանց մրցաշարքի:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ոսկեճերմակ լապրատոր տասակ շուն մը 14 սեւաթոյր ձագ ունեցած է։ Այսպէս, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ լապրատոր ցեղատեսակի ոսկեճերմակ շունը 14 սեւ ձագ ունեցած է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շինուած առաջին թափանցիկ ինքնաշարժը, որ ստեղծուած է 1939 թուականին, տարիներ վերջ կրկին յայտնուած է ժողովուրդի ուշադրութեան կեդրոնին։ Ինքնաշարժը այնպէս նախագծուած էր, որպէսզի ցոյց տայ այն բոլոր կազմածները, որոնք այն ժամանակ կ՚օգտագործուէին ինքնաշարժի արտադրութեան համար:
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի հանրապարտէզներու մէջ տեղադրուած են թափանցիկ զուգարաններ՝ պատրաստուած «խելացի» ապակիէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահը երէկ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) առանցքային դերակատարութիւն մը ստանձնած է՝ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին յաջորդած աղիտալի իրավիճակին մէջ։ ՀԲԸՄ անփոխարինելի ներդրում մը ունի տագնապահար լիբանանահայութեան օգնութիւն փութացնելու ուղղեալ աշխատանքներուն մէջ։