ԵՆԹԱԳԵՏՆԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ
Եւրոմիութիւն-Չինաստան առցանց գագաթաժողովին ժամանակ քննարկուեցան՝ միջազգային օրակարգի տեսակէտէ ուշագրաւ բազում խնդիրներ:
Եւրոպական կողմը կ՚ընդգծէ, որ միամիտ չէ ու կը գիտակցի Փեքինի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մոտելներու տարբերութեան վերաբերեալ հարցերուն:
Իրաքի մայրաքաղաքը՝ Պաղտատի մէջ գիշերուան ժամերուն տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Այսպէս, հրթիռակոծուեցաւ «Կանաչ գօտի»ն, ուր կը գտնուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, կարգ մը օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւններ եւ կառավարական շէնքեր։
Երեւան եւ Գահիրէ կը ձգտին երկկողմանի բազմաոլորտ օրակարգը զարգացնելու ուղղեալ քայլեր առնել:
ԱՄՆ Յունական Կիպրոսի հետ պաշտպանութեան ոլորտի համագործակցութիւնը պիտի զարգացնէ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա հերթական անգամ կոչ ուղղեց՝ նախազգուշական միջոցներու մէջ միասնական ըլլալու ուղղութեամբ։ Երէկ երեկոյեան, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Զօհրապ Մնացականեան այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Գահիրէ։ Եգիպտոս մեկնելէ առաջ ան զրուցած է իր իրանցի պաշտօնակցին հետ:
Երբ մշակոյթը կը նպաստէ տեղական տնտեսութեան զարգացման, Տաւուշի մէջ կը սկսի «Երեւան ճազ ֆեստ»ը։
Կիւմրիի մէջ ճազի առցանց փառատօն քաղաքի թանգարաններու բակերէն ներս։ Այսպէս, Կիւմրիի մէջ, արդէն երրորդ անգամ «Մանուկեան ընկերութիւն»ը Ճազի հայկական ընկերակցութեան աջակցութեամբ կը կազմակերպէ ճազի փառատօն: