ԷՕՐՆԷՔԵԱՆԷՆ ՄԵԾ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան կը զօրակցի Հայաստանի կառավարութեան՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Էտուարտօ Էօրնէքեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոսներէն է, որոշած է 250 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել երկրի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած հանգանակութեան ի նպաստ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգին մէջ, Լոս Անճելըս քաղաքի հայաշատ շրջաններէն Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն ներս պաշտօնապէս գործի ձեռնադրեցին երեք անդամներ։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ պայքարը կը շարունակուի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց վիճակագրական վերջին տուեալները։
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով խօսք ուղղեց ամբողջ ժողովուրդին, Միացեալ Թագաւորութեան եւ անոր կողմէ հովանաւորուած պետական միաւորներու ամբողջ բնակչութեան։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ այս ելոյթը ունեցաւ Էլիզապէթ Բ. թագուհին։
Թուրքիա կը շարունակէ յամառ պայքար մղել քորոնաժահրի համաճարակին դէմ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով ու տեղեկացուց, որ համաճարակի դէմ ձեռք առնուած միջոցները խստացուած են։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս ծիրին մէջ քսան տարեկանէ վար քաղաքացիներուն համար փողոց դուրս գալու արգելք սահմանուեցաւ։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Քայլ առ քայլ». Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը առցանց հարթակի վրայ կ՚իրականացնէ հետաքրքրական մրցոյթ մը։ Այսպէս, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը իր պահոցներուն մէջ ի պահ դրուած յայտնի եւ անյայտ լուսանկարներու հիման վրայ կ՚իրականացնէ խաղ-մրցոյթ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու կանխատեսումներ ըրաւ, թէ քորոնաժահրի համաճարակը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործէ համաշխարհային համակարգին եւ պետութիւններուն վրայ։ Իր զգայացունց յայտարարութիւններուն մէջ ան մատնանշեց, որ համաճարակի հետեւանքով ծագած հասարակական անորոշութիւնները պիտի դառնան մշտական։