ՎԵՐԱՀՍԿԵԼԻ ՄԱԿԱՐԴԱԿ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի նոր դէպքերու ծաւալումը կանխատեսելի մակարդակի մը վրայ կ՚ընթանայ։ Ըստ նախարարին կողմէ փոխանցուած վիճակագրական վերջին տուեալներուն, երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ 42 հազար 4 քննութիւն կատարուած է եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած՝ 2 հազար 615 նոր վարակեալ։
Բակօ Սահակեան երէկ արձագանգեց Սերկէյ Լաւրովի վերջին յայտարարութիւններուն՝ Արցախի խորհրդարանի լիագումար նիստին ժամանակ:
Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկու հիմնական դէմքերը հանդիպում մը ունեցան:
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան երէկ մասնակցեցաւ երկրի Ազգային ժողովի կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերով մշտական յանձնաժողովի նիստին։ News.am-ի հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին ան ըսաւ. «Մենք կը մեկնինք արտասահման եւ կ՚այցելենք հայկական սփիւռքի զանազան համայնքներ, սակայն հայրենադարձութեան աջակցումը մեր առաջնահերթութիւնը չենք համարեր։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լուիճի տի Մայոյի հետ։ Յանուն հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի կառավարութեան, Զօհրապ Մնացականեան զօրակցութիւն յայտնեց իտալացի բարեկամ ժողովուրդին՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները արդիւնաւէտօրէն դիմագրաւելու եւ շուտափոյթ յաղթահարելու համար։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը կը սգայ իր բարերարուհիին մահը:
Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուած երէց սերունդէ հիւանդ մը առողջացաւ, ինչ որ համաճարակի առկայ տխուր մթնոլորտին մէջ ուրախութեամբ ընկալուեցաւ հանրային կարծիքին կողմէ։ Այսպէս, բուժման բարեյաջող աւարտէն վերջ հիւանդանոցէն դուրս եկաւ 94-ամեայ Հրանոյշ մայրիկը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկրի քաղաքացիներուն յորդորեց սորվիլ քորոնաժահրի պայմաններուն ներքեւ ապրիլ բնականոն կեանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ նախընթաց օր հանդէս եկաւ ուղիղ եթերով, որու ընթացքին շեշտեց, թէ քորոնաժահրի համաճարակը կրնայ երկար շարունակուիլ։