ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՔՈՒԷԱՐԿԵՑ ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ 72.7 ՏՈԿՈՍԸ
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Առաւօտեան ժամը 08.00-էն սկսեալ, 282 ընտրատեղամասերու մէջ ընթացաւ քուէարկութիւնը, որ տեւեց 12 ժամ եւ իր աւարտին հասաւ ժամը 22.00-ին։
Ֆրանսահայ պետական-քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեանի յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Փարիզի մէջ։ Նորոգ հանգուցեալ Տէվէճեան կը յուղարկաւորուի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն, որ կը գտնուի Մարէ թաղամասին մէջ։
Հայաստան միջազգային զօրակցութեան առարկայ՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ճանապարհին:
Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚ակնկալէ նոր բանակցութիւններու սկսիլ «Կազփրոմ» բնական կազի ընկերութեան հետ սակագնային հարցերու շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան այս կապակցութեամբ նամակ մը ուղարկած է «Կազփրոմ»ի վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլերին։
Ատրպէյճանի յարձակումով վիրաւորուած զինուորները փոխադրուեցան Երեւան:
Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեանի նորոգ վախճանեալ կողակցին՝ Արիանա Քաոլիի յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արիանա Քաոլիի համար նախատեսուած է սգահանդէս մը։
Խունկը, ինչպէս յայտնի է դեռ հին ժամանակներէն շարք մը բուժիչ յատկութիւններով օժտուած է:
Կարծիքներ՝ քորոնաժահրի մասին, որոնց պէտք չէ հաւատալ։
Ֆրանսացի հրուշակագործ Ժան-Ֆրանսուա Փրէ պատրաստեց կարմիր նուշով զարդարուած տուրմէ գունդ մը։ Այս գունդի պատրաստութեան ժամանակ օգտագործուեցաւ քորոնաժահրի պատկերէն։
Առողջապահական համակարգի աշխատողներու մեծամասնութիւնը աշխատվայրի մէջ կը կրեն Crocs մուճակներ, որոնք թեթեւ են ու յարմարաւէտ։