ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՄԱՏՐԻՏ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐՔԵՒ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Արանչա Կոնզալեզ Լայայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համավարակի դէմ ուղղուած պայքարի շրջանակներէն ներս ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքէն ներս, հայաբնակ Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուեցաւ Վրէժ Աղաճանեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս վերջինը կը փոխարինէ Արա Նաճարեանը, որ հեռացած է քաղաքապետի պաշտօնէն։
Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը կը ներկայացնէ գրողի ընտանիքի նախընտրած ուտեստներու բաղադրատոմսերը։ Այսպէս, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը ապրիլի 10-էն սկսեալ տուաւ «Թումանեաններու խոհանոցին մէջ» ծրագրի մեկնարկը, որու շրջանակէն ներս թէ՛ մեծահասակները եւ թէ փոքրիկները կրնան ծանօթանալ ամենայն հայոց բանաստեղծի եւ անոր ընտանիքի անդամներու նախըտրած ճաշատեսակներուն:
Հայկական անուշեղէնը յայտնուած է չեխական ազգային վաճառանիշներու կարգին։
Պերլինի մէջ, Գերմանիա, բարձրակարգ ճաշարաններէն մին անվճար սնունդ կը մատակարարէ բժիշկներուն։ Այսպէս, Պերլինի մէջ բարձր վարկանիշ ունեցող ճաշարաններէն մէկը, որ փակ է յաճախորդներու համար, այս օրերուն կ՚աշխատի բժիշկներու համար՝ անվճար սնունդ մատակարարելով անոնց:
Հնդկաստանի մէջ մարդամեքենայ բուժքոյրերը շուտով կը ծառայեն քորոնաժահրով վարակուած անձերուն։ Այսպէս, մարդամեքենայ բուժքոյրերն ու բուժակները շուտով կը սկսին ծառայել Հնդկաստանի հիւանդանոցներուն մէջ, պայքարելու համար ընդդէմ քորոնաժահրի համաճարակին։
Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ հերթական բանավէճը՝ քորոնաժահրի համավարակի մթնոլորտին մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի նոր նախագահի ընտրութեան գործընթացը այսօր կ՚աւարտի:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ: