ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Հայաստանէ ներս հաստատուած սահմանափակումներու աստիճանական մեղմացման գործընթացը սկսած է։ Երկրէ ներս բոլոր հարթակներու վրայ կը հնչէ այն պատգամը, թէ առօրեայի բնականոնացման ճանապարհին համաճարակի դէմ պայքարի մէջ պատասխանատուութեան բաժին կը վիճակի իւրաքանչիւր քաղաքացիի։
Հայ երգիչներն ու դերասանները երգով շնորհակալութիւն կը յայտնեն Հայաստանի բուժաշխատողներուն։ Այսպէս, խումբ մը երգիչ-երգչուհիներ, դերասան-դերասանուհիներ երգով շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր բուժաշխատողներուն, որոնք համավարակի այս ծանր օրերուն անձնուիրաբար կ՚աջակցին մարդոց ու կ՚օգնեն անոնց, որպէսզի անոնք վերագըտ-նեն իրենց առողջութիւնը։
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը 2020 թուականին հաւանաբար տեղի կ՚ունենայ նոյեմբերի 1-8 թուականներուն միջեւ։ Այսպէս, այս մասին հաղորդագրութիւն մը զետեղուած է փառատօնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ։
Երեւանի մէջ կը տեղադրուի Մահաթմա Կանտիի յուշարձանը։ Այսպէս, Երեւանի Հալաբեան եւ Մարգարեան փողոցներու միջանկեալ զբօսայգիի տարածքին կը տեղադրուի Մահաթմա Կանտիի յուշարձանը։
Նոր Զելանտան դեռ երկար ժամանակ չի բանար սահմանները օտարերկրացիներու համար։ Այսպէս, Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտերն յայտարարած է, որ, քորոնաժահրով պայմանաւորուած, դեռ երկար ժամանակ չի պատրաստուիր բանալ սահմանները օտարերկրացիներու համար:
Ֆրանսայի մէջ շուներուն կը սորվեցնեն գտնել քորոնաժահրով վարակուած հիւանդները։ Այսպէս, Ֆրանսայի ծինաբանները կը փորձարկեն քորոնաժահրով վարակուածները գտնելու նոր մեթոտը՝ շուներուն սորվեցնելով զանազանել վարակուածներու հոտը:
Չինաստան բացած է երկաթուղային բեռնափոխադրումներու նոր ուղի մը դէպի Եւրոպա։ Այսպէս, Չինաստան-Եւրոպա երկաթուղային բեռնափոխադրումներու նոր ուղին, որ կը կապէ չինական Եու քաղաքը Լիթվայի մայրաքաղաքին՝ Վիլնիուսի հետ, բացուած է մայիսի 4-ին:
Աշխարհահռչակ ֆութպոլի աստղ, Թուրինի «Եուվենթուս» խումբի փորթուգալցի յարձակող Քրիստիանօ Ռոնալտօ վերադարձած է Իտալիա: Այս մասին կը գրէ Football Italia-ն: Ռոնալտոյի սեփական ինքնաթիռը ժամանած է Թուրին, մայիսի 4-ին:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս հաստատուած սահմանափակումները բազմակողմանի աստիճանաբար կը թուլացուին:
Նախարար Զօհրապ Մնացականեան խորհրդարանէն ներս խօսեցաւ կարգաւորման գործընթացին շուրջ: