ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԽՄԲԱՔԱՆԱԿԸ ՀԱՍԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Հայաստան կը շարունակէ ստանալ արտասահմանեան օժանդակութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր տեղ մը ունին Չինաստանի կողմէ Հայաստան ուղարկուած օժանդակութիւնները։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, աշխարհի զանազան երկիրներէն ներս, դժբախտաբար, զոհերու շարքին կը գտնուին հայեր։ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ նախընթաց օր Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ազատուհի Սինանեան։
Աշխարհէն կը հասնին լաւ լուրեր։ Դանիան Եւրոպայի տարածքին առաջին երկիրն է, որ կը վերաբանայ դպրոցները։ Այսպէս, Դանիան Եւրոպայի մէջ առաջին երկիրն է, որ քորոնաժահրի սահամանափակումներ դնելէ յետոյ կը բանայ դպրոցներն ու մանկապարտէզները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի՝ Ռոպերթ Քոչարեանի վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւնը լարուածութեան տեղի տուաւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ: Եկեղեցական շրջանակներ եւ հաւատացեալներ զայրոյթով կ՚ընկալեն իշխանութիւններու անպատշաճ արտայայտութիւնները: Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ առաջադրուեցաւ նոր մեղադրանք:
Թուրքիոյ մէջ ամբողջ թափով պայքար յառաջ կը տարուի քորոնաժահրի համավարակի դէմ։ Բոլոր պաշտօնական մարմիններն ու մասնագիտական շրջանակները կը շարունակեն ընդգծել, որ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնել կը շարունակէ տունէն դուրս չգալը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի երէկ ունեցան առցանց զրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները անդրադարձան քորոնաժահրի համավարակի դէմ Հայաստանէ եւ Վրաստանէ ներս ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներուն, կանխարգելիչ քայլերուն եւ հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ ջանքերուն։
Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը շարունակէ ստանալ շնորհաւորականներ։
Փաշինեան խորհրդարանի մէջ անդրադարձաւ կառավարութեան համավարակի դէմ ռազմավարութեան: