Լրահոս

ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԱՍԻԼՎԱ ՌՈՒԺԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան մշակութային բազմակողմանի ձեռնարկներ։ Այս ծիրին մէջ բացուած է նաեւ ֆրանսահայ նկարչուհի Ասիլվայի ցուցահանդէսը, որ կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։

«ԱՊՐԻԼ ՄԻԱՍԻՆ…»

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի գագաթաժողովի ծիրէն ներս հաւաքներ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի հիւրընկալել Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնը:

ԵՒՐՈԱՍԻՈՅ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ 3-ՐԴ ՀԱՒԱՔԸ՝ ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ՄԷՋ

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի տանտիրութեամբ՝ Անթալիայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու երրորդ հաւաքը։ Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԻԼԱՆՕ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայ ամսուան մէջ պիտի այցելէ Իտալիա։ Վեհափառ Հայրապետը պիտի նախագահէ Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ օծման 60-ամեակի յոբելենական հանդիսաւոր արարողութիւններուն։ Հոկտեմբերի 21-ին նախատեսուած են Միլանոյի արարողութիւնները եւ այս առթիւ շրջանի հայութիւնը կը պատրաստուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալելու Նորին Սրբութիւնը։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ԼՈՒՐՋ ԹԱՓՈՎ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ուշագրաւ խմորումները կը շարունակուին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յամառ ջանքերով մթնոլորտ կը ձեւաւորէ՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները ժամ առաջ կազմակերպելու ուղղութեամբ:

ԻՏԼԻՊԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻՆ ԾԱՆՐ ԶԷՆՔԵՐԸ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ձեռք բերուած Սոչիի համաձայնութեան հիման վրայ՝ Սուրիայէ ներս վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Իտլիպ քաղաքը կը դատարկուի ծանր զէնքերէ։ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ապահովուած համաձայնութեան հիման վրայ որոշուած էր Իտլիպն ու շրջակայքը վերածել՝ բախումներէ զերծ գօտիի մը։

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ 38-ՐԴ ՀԱՏՈՐԸ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 38-րդ հատորը։ Վերջին շրջանին համալսարանէն հասած հաճելի լուրերու շարքին միշտ տեղ կը զբաղեցնեն հանդէսի հերթական համարներու հրատարակութեան առթիւ կազմակերպուած շնորհանդէսները։

ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՌԱՀՎԻՐԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ

Հայաստանի մէջ իրականացած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը նոր իրականութեան մը առջեւ դրաւ համայն հայութիւնը - Հայաստանի թէ արտերկրի մէջ - եւ մենք հետզհետէ պիտի վարժուինք այդ նոր իրականութեան ծալքերուն եւ հետեւանքներուն: Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած շարժումը վերափոխեց ընկերային ու քաղաքական կարգ ու սարքը հայրենիքի մէջ, ստեղծելով քաղաքական նոր մշակոյթ մը, զոր կը ցանկար Հայաստանի քաղաքացին եւ որ դուրս կը մնար անոր հասողութենէն:

ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴ

Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայոց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ առասպելական արուեստագէտի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Շարլ Ազնաւուր պատմութեան մէջ թողած է իր լուսաւոր հետագիծը եւ մեր բոլորի սրտերուն մէջ՝ իր անմար յիշատակը, կը փոխադրուի յաւիտենութիւն։ Այդ հետագիծը իր աստուածահաճոյ գործերու խոր ակօսն է՝ ձգած համամարդկային արժէքներու անծայրածիր անդաստանին մէջ»

Էջեր