ՈՒՂԵՂԸ ՉՎԵՐԱԾԵԼ «ԱՂԲԱԿՈՅՏԻ»
Բժիշկները բացատրած են, թէ ինչպէս գրպանի խելացի հեռաձայնները եւ համակարգիչները ուղեղը կը վերածեն «աղբակոյտի»։ Այսպէս, բջիջային խելացի հեռաձայններու եւ համակարգիչներու չափէն աւելի օգտագործումը կրնայ յառաջացնել ուղեղի գերյոգնածութիւն, ինչ որ կը յանգեցնէ խելագարութեան եւ ճնշուածութեան զարգացման:
Սպանացի բժիշկները նշած են ժահրերէն մարմինը պաշտպանող մթերքները։ Այսպէս, սպանացի բժիշկները թուարկած են այն մթերքները, որոնք կրնան օգնել իմունային համակարգի աշխատանքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հրապարակեց վերջին տուեալները՝ քորոնաժահրի համաճարակին վերաբերեալ։ Ըստ նախարարին, Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը հասած է 37-ի։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը համաճարակի օրերուն ջանքեր կը գործադրէ մեծ գիտակցութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի պետութեան նախագահ Ռէուվեն Ռիվլինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները տեղեկութիւններ փոխանակեցին Հայաստանէ եւ Իսրայէլէ ներս քորոնաժահրի վարակի տարածման առկայ վիճակին, համաճարակի կանխարգիլման ու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտարարեց, որ քորոնաժահրով վարակուած եւ երկրի հիւանդանոցներէն ներս դարմանման տակ առնուած անձերու մեծամասնութեան առողջապահական վիճակը բաւարար է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, որ միայն 14 վարակուածի մօտ նկատուած է թոքերու բորբոքում։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ երկրի նորանշանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Եդուարդ Մարտիրոսեանի եւ նոյնպէս նորանշանակ Ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց ԱԱԾ-է եւ Ոստիկանութենէ ներս զարգացման ուղղեալ բարեփոխումներու իրականացումը։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի զոհերու թիւը հասաւ 9-ի, իսկ աշխարհի վրայ անցաւ 10 հազարի սահմանը: