Լրահոս

ԱՄՆ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն մշտապէս կ՚աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերու ղեկավարներու միջեւ շփումներուն։

ՓՈՒԹԻՆ ՓԱՐԻԶ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կը պատրաստուի այցելել Փարիզ, ուր պիտի հիւրընկալւի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Եուրի Ուշաքով տեղեկացուց, որ Փութինի ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 11 նոյեմբերին։

ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րէս Անվտան­գու­թեան խոր­հուր­դին ներ­կա­յա­ցուց Կիպ­րո­սի հիմ­նախնդ­րին վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կա­գիր մը, ո­րուն կը սպա­սուէր եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր։ 
Այս տե­ղե­կագ­րին մէջ Ան­թո­նիօ Կու­թե­րէս մատ­նան­շեց, որ ան­վերջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը այ­լեւս ա­ւար­տած է։

ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

«Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնի ծիրէն ներս Օփերայի երդիքին տակ եզակի ձեռնարկ մը:
Երաժշտասէրները ողջունեցին աշխարհահռչակ խմբավար Եուրի Պաշմետն ու «Մոսկուայի մենակատարներ» խումբը:

ԱՐՑԱԽԻ ԳՈՅԱՄԱՐՏԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐԷՆ ԱՐԱՅԻԿ ԽԱՆԴՈՅԵԱՆ ԹԱՂՈՒԵՑԱՒ «ԵՌԱԲԼՈՒՐ»Ի ՄԷՋ

Արցախի պատերազմի հերոսներէն Արայիկ Խանդոյեան շաբաթավերջին յուղարկաւորուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Միայնակ գայլ» անունով ծանօթ Արայիկ Խանդոյեան վերջերս զոհ գացած էր սրտի տագնապի մը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՀԱՅԿ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ։

ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

Սփիւռքահայ յայտնի երգիչ Արթօ Թունչպոյաճեան երէկ Երեւանի մէջ այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան հիւրընկալուեցաւ հիմնադրամի նորանշանակ տնօրէն Հայկակ Արշամեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Արթօ Թունչպոյաճեան առաջարկեց հիմնադրամի ի նպաստ զօրակցութեան համար ներգրաւել նաեւ սփիւռքի պատանիներն ու երիտասարդները։

ԴԱՐՁԵԱԼ ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԽԱԽՏՈՒՄ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ դարձեալ ձերբակալուեցաւ սահմանախախտ մը։ Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը երէկ Կիւմրիի մէջ ձերբակալեցին այդ սահմանախախտը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Կիւմրիի սահմանապահ ջոկատի զինուորները նկատեցին անյայտ անձ մը, որ հատած էր սահմանը։

Էջեր