ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԻԼԱՆՕ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայ ամսուան մէջ պիտի այցելէ Իտալիա։ Վեհափառ Հայրապետը պիտի նախագահէ Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ օծման 60-ամեակի յոբելենական հանդիսաւոր արարողութիւններուն։ Հոկտեմբերի 21-ին նախատեսուած են Միլանոյի արարողութիւնները եւ այս առթիւ շրջանի հայութիւնը կը պատրաստուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալելու Նորին Սրբութիւնը։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ուշագրաւ խմորումները կը շարունակուին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յամառ ջանքերով մթնոլորտ կը ձեւաւորէ՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները ժամ առաջ կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 38-րդ հատորը։ Վերջին շրջանին համալսարանէն հասած հաճելի լուրերու շարքին միշտ տեղ կը զբաղեցնեն հանդէսի հերթական համարներու հրատարակութեան առթիւ կազմակերպուած շնորհանդէսները։
Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայոց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ առասպելական արուեստագէտի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրմի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։
«Ազնաւուրի երգերը առաջին հերթին բանաստեղծութիւններ են, որոնց վերնագրերը եւ երգերու յանկերգները մեզի համար ժառանգութիւն դարձած են»:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին դամբանախօսութիւնը՝ «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցած սգահանդէսի ընթացքին:
«Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ տեղի ունեցաւ փառաշուք սգահանդէս մը Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին: