ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու հովուապետները եղբայրաբար ողջագուրուեցան՝ փոխադարձ զօրակցութեան տրամադրութեամբ: Վատիկանի մէջ էքիւմենիք նշանակութեամբ տեսակցութիւն: Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ: Առաքելական պալատէն ներս փոխանակուեցան յուշանուէրներ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդականը Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Փաշինեանի հետ: Ըստ Ճոն Պոլթընի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորումը կարեւոր է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի տեսակէտէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Ժընեւ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին հարցազրոյց մը տուաւ Զուիցերիոյ պաշտօնական հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայանին (RTS)։
Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր երկու գիտնականներուն շնորհուեցաւ պատուակալ տոքթորի կոչում: Պեն Ֆերինկա եւ Ֆրէյզըր Սթոտտարթ այցելեցին Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարան:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այսօր Վատիկանի մէջ կը տեսակցի Սրբազան Պապին հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Ժընեւ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ գերմանացի ձեռնարկատէր Ֆրանք-Եուրկէն Ռիխթէրի հետ։ Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ Զուիցերիոյ մէջ գործող «Horasis» կեդրոնի հիմնադիր նախագահն է։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութինի եւ Պոլթընի զրոյցը անցաւ որոշ չափով լարուած մթնոլորտի մը մէջ։