ՌՈՒՏԻ ՃՈՒԼԻԱՆԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իրաւաբանական հարցերով անձնական խորհրդականը՝ Ռուտի Ճուլիանի այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Ռուսաստանի Հայոց միութեան նախագահ եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բարեկամեցողութեան դեսպան Արա Աբրահամեանի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։ Ռուտի Ճուլիանի, որ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետն է, Երեւանի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան ծիրին մէջ կազմակերպուած ֆորումին։
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Եւրոասիական շաբաթ» խորագրեալ համաժողովը, որ երրորդն է իր տեսակին մէջ։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթներով հանդէս եկան այս համաժողովի բացման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոյն ծիրին մէջ տեղի ունեցան միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառ մը եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու արտահանման ապահովագրական գործակալութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւն մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ։ «Ինթերֆաքս» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարները քըն-նարկեցին բազմաբնոյթ հարցեր, ներառեալ սպառազինութիւններու վերաբերեալ համաձայնագրեր եւ Սուրիոյ իրադրութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռուտոլֆ Միխալքան, որ այցելեց Երեւան։ Մնացականեան հիւր դիւանագէտը շնորհաւորեց պատասխանատու պաշտօնի մէջ նշանակուելու բերումով եւ մաղթեց յաջողութիւն։
Արա Կիւլէր յաւերժութեան ճամբուեցաւ հանճարի մը վայել երախտագիտութեամբ։ Պատմական յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ պետական արարողակարգով. դագաղը ծածկուած էր դրօշով։ Կալաթասարայի հրապարակին վրայ աշխարհահռչակ լուսանկարչին համար կազմակերպուած սգահանդէսը համախմբեց հասարակութեան բոլոր խաւերէն հեղինակաւոր դէմքեր, որոնք բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին մեծանուն վարպետի յիշատակին ու վաստակին առջեւ։ Սրճարանի ընթացիկ սեղանին թողուած էին ծաղիկներ։ Իշխանութիւնները մասնակցեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ փառաշուք արարողութեան։ Նախագահ Էրտողանի պատգամի հրապարակումէն վերջ, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը։ Ներկայ էր Ուղղափառաց ծայրագոյն պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ի ներկայացուցիչը։ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան ընթերցեց Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ ուղարկուած ցաւակցականները։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան դամբանախօսեց հայերէնով։ Լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հանդիսապետեց Շիշլիի գերեզմանատան թաղման կարգին։ Շիրիմը այժմէն արդէն վերածուած է պատկառազդու յուշարձանի մը։ Հրաժեշտի յուզումնախառն հանգրուանին իր խորհրդանշած կերպարի բազմակողմանի վերագնահատումէն ծնունդ առաւ նոր առասպել մը, որու թողած վիթխարի ժառանգը կը կամրջէ դարերը եւ կը միաձուլէ արժէքներն ու մշակոյթները։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան շաբաթ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ դամբանական մը խօսեցաւ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութեան տխուր առթիւ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան։ Պէյրութի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Երէկ, Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակը նշուեցաւ յոբելենական աննախընթաց խրախճանքով մը։ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ իսկապէս եզակի օր մըն էր ժողովուրդի բարձր տրամադրութիւնով։