ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԱՀԱԶԱՆԳ
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Պաքհինկամի պալատին մէջ ընդունուեցաւ Անգլիոյ թագուհիին կողմէ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Թերեզա Մէյի հետ տեսակցութեան ընթացքին կանգ առաւ Պաղեստինի խնդրին վրայ:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Պաքհինկամի պալատին մէջ ընդունուեցաւ Անգլիոյ թագուհիին կողմէ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Թերեզա Մէյի հետ տեսակցութեան ընթացքին կանգ առաւ Պաղեստինի խնդրին վրայ:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ այցելեց Պրիւքսել, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի եւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որով նախագահի խորհրդական նշանակուեցաւ Շահէն Աւագեան։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը նախատեսեն յառաջիկայ ամիս հանդիպիլ Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ հանդիպում մը ունեցան Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։
Հանրապետութեան նախագահը Լոնտոնի մէջ կ՚ունենայ բազմակողմանի շփումներ՝ հիւրընկալուելով ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Մասնաւորապէս կը սպասենք այն օրերուն, երբ Հայաստանի ղեկավարութենէն պիտի տեսնենք տրամաբանական մօտեցումներ»:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Նորին սրբազնութեան կ՚ուղեկցի Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ան այս առաւօտ օդային ճամբով մեկնեցաւ մայրաքաղաք։
Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը չի նախատեսեր արտաքին քաղաքական ուղենիշի փոփոխութիւն:
Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովի ծիրէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեսակցեցաւ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Պաղեստինէն հասած լուրերը վերստին մարդկային լուրջ ողբերգութեան մը ահազանգը կը հնչեցնեն։ Վերջին օրերուն Պաղեստինէ ներս ստեղծուած է դարձեալ շատ խնդրայարոյց մթնոլորտ մը։
Համահայկական նուագախումբը փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
Օփերայի երդիքին տակ հնչեցին հայ ականաւոր երգահաններու ստեղծագործութիւնները:
Վրաստանի մէջ նախկին վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի կը վերադառնայ քաղաքական ասպարէզ։ Վերջին օրերուն ան վերընտրուեցաւ կուսակցապետ՝ իր կողմէ հիմնադրուած «Վրացական երազանք» կուսակցութեան համար, որ կը գտնուի իշխանութեան գլուխը։