ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԱՐԴԱՐ ՇԱՐԺԻՉ ՈՒԺՆ ՈՒ ՀՄԱՅՔԸ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մարդկային անձնական ու յատկապէս հաւաքական պատմութեան սկիզբէն ի վեր մարմնամարզը մեծ տեղ ունեցած է անոր կեանքին մէջ: Մարմնամարզի սկզբնաւորութեան արմատներուն երթալով՝ զայն կրնանք դրսեւորուած տեսնել անհատական ֆիզիքական կարողութիւններու զարգացման ու օգտագործման մէջ։