Հարթակ

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ կը պատահի այն մարդուն, որ իր ունեցուածքով, բերք ու բարիքով Տէրը կը պատուէ:
Պատասխան.
Տէրը պիտի պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի (Առ 3.9-10):

ՊԱՍՐԱՑԻ ԵՄ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կասկած չկայ, որ ինծի նման շատ շատեր նոյն զգացումը կրնան ունենալ: Այսպէս, կը պատահի, որ օր մը որոշած ես ներկայ գտնուիլ հրապարակային նախաձեռնութեան մը, պարահանդէսի մը, հարսանիքի, պսակի եւ կամ՝ յուղարկաւորութեան:

ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սուրբերու յիշատակութենէն ետք կը կատարուին գործող եպիսկոպոսապետին, թեմակալ առաջնորդին եւ պատարագիչ քահանային անուան յիշատակութիւնները, իսկ աւելի ետք սուրբ սեղանին սպասարկող սարկաւագներն ու դպիրները բարձրաձայն եւ եղանակաւոր կ՚երգեն. «Մեր Տէր Աստուած, գոհութիւն եւ փառաբանութիւն կը մատուցենք Քեզի այս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին համար, որ այս սուրբ սեղանին վրայ է:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Շատ արծարծուած նիւթերէն է քաղաքականութեան ու բարոյագիտութեան կապը եւ շատ յաճախ քաղաքականութիւնը եւ ընդհանուր քաղաքագիտութիւնը դասակարգուած են շատերու կողմէ՝ որպէս ամենաանսկզբունք եւ շահադիտական ոլորտներէն ու գիտութիւններէն մին:

ՎԱՀԷ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ. «ՀԱԼԷՊՆ ՈՒ ՀԱԼԷՊՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԴԵՌ ՀԶՕՐ ԵՆ ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԻ ԲԵՐԴԻՆ ՊԷՍ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հալէպահայ դեղագործ, համայնքային գործիչ Վահէ Սարգիսեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:
-Ինչպիսի՞ն է Հալէպի վիճակը այս օրերուն: Ի՞նչ են հիմնախնդիրները։

ՊԱՅՏԸՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍԷՈՒՏԵԱՆ ՆԱՒԹԻՆ ՄԻՋԵՒ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, վերջերս, «սպասուած» այցելութեամբ մը կը հասնէր Իսրայէլի մայրաքաղաքը՝ Թել Աւիւ, ուր կ՚արժանանար բարձր մակարդակի ընդունելութեան։ Զանազան առումներով «սպասուած» համարուած այս այցելութիւնը, որ Պայտընի համար որպէս ԱՄՆ-ի նախագահ առաջին այցն է, շատ մը վերլուծաբաններու համաձայն, ունի առանցքային ըլլալու բոլոր տուեալները։

ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Չորս տարի առաջ՝ երբ Հայաստան գացինք, կինս եւ ես, Նիկոլ Փաշինեան նոր ստանձնած էր վարչապետի պաշտօնը եւ քալելով կ՚երթար հրապարակի վրայ գտնուող իր պաշտօնատեղին։ Մարդիկ յոյսով լեցուած էին եւ անձկութեամբ կը սպասէին փայլուն ապագայի մը մօտալուտ ժամանման…

ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Վստահաբար ներկայիս աշխարհի ամենէն հրատապ խնդիրը կլիմայի վտանգաւոր փոփոխութիւնն է, որուն համար հիմնական պատասխանատուութիւն կը կրեն մեծ պետութիւնները, որոնք ամէն պարագայի յաճախ ջայլամի քաղաքականութիւն կը վարեն:

ԹԵՀՐԱՆԵԱՆ ԳԱԳԱԹ ԿԱՄ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱԲ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆՈՐ ՍԻՐԱԽԱՂԻՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թեհրանի մէջ վերջերս կայացած գագաթը ունէր բազմանիշ ուղղութիւններ։
Նախ յիշեցնելու կարգով պէտք է հաստատել այն փաստը, որ Թեհրանի գագաթաժողովը, որուն անձամբ ներկայ կ՚ըլլային տարածաշրջանային  երկու հիմնական ուժեր՝ Թուրքիան եւ Իրանը, նաեւ միջազգային գերուժ՝ Ռուսաստանը, ունէր խորքային նպատակ մը. աշխարհին «բացատրելու» եւ բացայայտ կերպով ըսելու, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեծ ճիգերով իրականութիւն դարձած Ճիտտէի գագաթը ունի «հակազդող» կողմ, որուն մասնակիցները մեծ հաշուով Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով ունին ազդեցութեան գօտիներ «կառավարելու» մեծ ու լարուած ներուժ։ 

Էջեր