Հարթակ

ՆԿԱՐԸ, ՀԱԼԷՊՆ ՈՒ ՊԱԼՈՒՆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամէն առաւօտ, իր ժամադրութիւնը յարգող սիրահարի մը նման, կը նստիմ համակարգչիս դիմաց, ու կը սկսիմ համացանցին վրայ տեղադրուած հայ մամուլի կայքերը կարգով աչքէ անցընել: Զանազան լուրեր, յօդուածներ, կիզակէտեր, մտորումներ, տեսակէտներ, նկարներ եւ անպայման՝ մահազդներ:

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Պիղատոս առաւ Յիսուսը եւ զայն մտրակով ծեծել տուաւ» (Յհ 19.1):
Ոմանք կ՚ըսեն, թէ ի՛նք հարուածեց, իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ զինուորներուն հրամայեց, եւ անոնք հարուածեցին:

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԾ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴԱՍԵՐԸ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ընդունուած է, որ մարդկային հաւաքական բնաւորութիւնը ինչքան ալ փոփոխութիւններ կրած է, իր լայն տրամաչափերուն մէջ մնացած է նոյնը: Հոն կայ լաւն ու վատը, առաքինին ու չարամիտը, պայծառն ու խաւարականը:

ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎՏԱՆԳ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի երրորդ շաբաթն է արդէն ու ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, անդին կան խօսակցութիւններ՝ խաղաղարար ճիգերու մասին։ Խօսքը մասնաւորապէս Գերմանիոյ նախաձեռնութեան մասին է, որու ռահվիրան կը համարուի վարչապետ Օլաֆ Շոլց, որ արտայայտուած էր օրեր առաջ ու կը շարունակէ միջնորդաւորուած բանակցութիւններ վարել Մոսկուայի հետ։

ՍԻՐՈՅ ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ՝ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ինչպէս խոտը կը բուսնի ժայռի մը յօդերուն մէջ,
Օր մը, յայտնուեցանք՝ երկու օտարներս: 

Գարնան գիշերը կը յօրինէր աստղ մը... աստղ մը.
Ես սիրոյ հատուած մը կը յօրինէի...
Աչքերուդ... երգեցի:
Աչքերդ գիտե՞ն, որ երկա՜ր սպասեցի,
Ինչպէս ամառը թռչուն մը սպասեց:

ԱՅՍ ՊԻՏՈՅՔՆԵՐԸ՝ ԳՈՐԾԱԾԱԿԱ՞Ն ԵՆ...

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այսօրուան մեր պատմութիւնը առընչութիւն ունի անբնականօրէն մեծ՝ խոհանոցային առարկաներու հետ։
Հիմա ձեզի պիտի ներկայացնեմ խոհանոցային երեք անօթներ՝ որոնք մեզի կու գան Ամերիկայի երեք տարբեր նահանգներէն։

ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները․ վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նախորդող գլուխին մէջ անվնաս մանրիկներուն մասին խօսեցանք: Անոնցմէ շատերը նոյնիսկ շատ օգտակար են մարդուն համար. օրինակ, փտումի պաքթերիաները:

ԱՇԽԱՐՀԸ ՄԱՐԴՈ՛Վ Է ԱՇԽԱՐՀ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօրուան մեր սիւնակին մէջ խօսքը կը թողունք հայ արդի գրականութեան տիրական դէմքերէն Վահրամ Մավեանի յատկանշական վկայութիւններէն մէկուն։ Վահրամ Մավեանի թողած աւանդը ինքնին կարեւոր է, բայց հետեւեալ գրութեան պարագային նշանակութիւնը կը կրկնապատկուի՝ այն առումով, որ վկայութիւնը կը վերաբերի ուրիշ հսկայի մը՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի։

ԵՂԲԱՅՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ, ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մշտապէս միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պետութիւններու միջեւ եղած լաւ, համերաշխ ու ծաղկուն կապերուն հիմքը կը կազմեն անոնց եղբայրական ծագումը: Շատ կան երկիրներ-պետութիւններ, որոնց ժողովուրդները նոյն ազգային ծագումը ունին. ինչպէս՝ արաբական, սլաւոնական, գերմանական եւ կրնանք դասակարգնել նաեւ անկլօ-սաքսոնական... եւ այլն ծագումները:

Էջեր