Հարթակ

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

​ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Սարկաւագը Սուրբ Աւետարանը բարձրացնելով՝ ժողովուրդին համբուրել տալով, ի՞նչ խորհուրդ ունի:
Պատասխան.
Որովհետեւ քիչ ետք Աւետարան պիտի կարդացուի, սարկաւագը ժողովուրդին հաւատքն ու ուշադրութիւնը կ՚արթնցնէ՝ Սուրբ Աւետարանը բոլորին առջեւ բարձրացնելով եւ ժողովուրդին կամ քահանաներուն մէջէն պատուաւոր մէկու մը համբուրել տալով:

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Իսկ այն, որ Ոսկեբերանը Տիրոջ վարդապետութեան եւ նշաններուն համար կ՚ըսէ. նախ՝ որովհետեւ անոնցմէ մէկուն օգուտը երբեմն միւսէն առաջ կ՚ըլլար: Երկրորդ, որպէսզի իրարու վկաներ ըլլան, այսինքն՝ նշաններուն քարոզութիւնը եւ քարոզութեան նշանին հաստատութիւնը:

ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՐԳԵՐ

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Մատթէոս Զարիֆեանի գրական գործերը սորված եմ, երբ աշակերտ էի Պէյրութի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի մէջ: Կրցած էի տեսնել ու համոզուիլ, թէ ինչպէ՛ս իր այդ կարճ կեանքին ընթացքին ան կրցաւ ստեղծագործել եւ ձգել գրական ու բանաստեղծական մեծ ժառանգ:

ԴԱ՛ՐՁԵԱԼ CORONA VIRUS

Գրեց՝ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Ինչպէս կ՚ակնկալուէր, corona virus-ը աշխարհի տարածքին կը շարունակէ գործել իր մարդկային աւերը, իսկ մեր մէջ մարդկայինին վրայ կ՚աւելնայ... լեզուական աւեր մըն ալ:
է՜հ, մեզ հայ են ասում...

ԼԷՈՆԻՏ ԵՆԳԻԲԱՐԵԱՆ. «ՁԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԵՍ ՉԿՐՑԱՅ ԱՊՐԻԼ, ԻՍԿ ԻՄ ԱՇԽԱՐՀԻՍ ՄԷՋ՝ ՄԻԱՅՆԱԿ ԵՄ»

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

«Ծնած եմ Մոսկուա: Ինը տարի անցուցած եմ ռինկէն ներս: ...Շատ մասնագիտութիւններ փոխած եմ: Քսաներկու տարեկանիս ինծի կը մնար միայն դերասան դառնալ:

ՔՈՐՈՆԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ. ՎԱՐԱԿԷՆ ԱՆԴԻՆ ՆԱԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔԱՇՔՇՈՒՔ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի մէջ քորոնա վարակի առաջին պարագան կ՚արձանագրուէր փետրուարի 21-ին։ Այդ օրէն սկսեալ մինչեւ այս տողերուն գրուիլը առկայ խնդիրը կը դառնար ոչ միայն առողջապահական ոլորտին մէջ մտավախութիւն կամ տաղտուկ յառաջացնող նիւթ, այլ կը մտնէր նաեւ քաղաքական բեմահարթակ։

ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ (CORONA-VIRUS)

Գրեց՝ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Կարծեմ բոլորդ համաձայն էք, որ ներկայիս ամենաշատ գործածուող բառն է այս աշխարհի բոլոր լեզուներով ու բոլոր անկիւններուն մէջ, եւ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ տակաւին շատ երկար պիտի պահէ ան իր արդիականութիւնը: Պարագան տարբեր չէ հայ իրականութեան մէջ՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս:

ԱՆԻՐԱՒ ԴԱՏԱՒՈՐԷՆ ԱԼ ԱՆԻՐԱՒ ԵԼԱՒ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Անի՛, Անի՛, Անի՛...
Կը լսուէր դուրսէն. դրացուհիս էր, որ կը կանչէր. ձայնին ելեւէջներէն յստակ էր, որ բան մը պատահած է: Բացուած դուռիս ձայնին հետ հեւ ի հեւ, աւելի բարձր ձայնով, հաղորդեց.

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Բուն Պատարագը ի՞նչ խօսքով կը սկսի:
Պատասխան. Քահանային ըսելովը՝ «օրհնեալ թագաւորութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:

 

Էջեր