ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԸ ԻՐԵՆՑ ԳՈՅԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒ ԱՌՕՐԷԱԿԱՆ ԵՐԵՍԱԿՆԵՐՈՎ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Գալով մարդկային տառապանքին եւ անոր ազնիւ յատկութեան կեանքի ինքնութեան ընդմէջէն, ինչ որ պուտտայական հասկացողութիւն մըն է։ Քրիստոնէական փիլիսոփայութիւնը կեանքը կը համարէ աւելի զուարճալի եւ փրկութիւնը ապահովուած կը սեպէ Քրիստոսի տառապանքով: