ՈՐՄԷ՞ ՎԱԽՆԱԼ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի» (Ղկ 8.50)
Յարուցեալ Աստուածորդիին կողմէ արտասանուած այս խօսքը դարեր շարունակ դարձաւ հաւատք կռանող, յոյս ներշնչող, յուսալքեալը յուսադրող, մեղքով գերեվարուածը ազատագրող, մահուան ճիրաններուն մէջ շղթայուածը արձակող, մեղքին խայթոցը «կոտրող» եւ քրիստոնէական հաւատքը ջրդեղող աստուածախօսիկ պատգամ մը։