ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԵ.)
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս ինչպէս սէրը ունի որոշ սիւներ, որոնց վրայ կարելի է հիմնել առողջ ընտանիք մը. այդ սիւներուն ամբողջութեամբ հակառակ գոյութիւն ունին այդ սիւները քանդող ազդակներ, որոնցմէ մէկն է անկասկած նիւթական տագնապն ու անոր յառաջացուցած հարցերը: