Հոգե-մտաւոր

ԻՆՔՆԱՍՊԱՆ Կ՚ԸԼԼԱՄ, ԲԱՅՑ ՈՉ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վստահաբար շատ շատեր կը մտածեն, որ ծերանոցը այնքան ալ «ցանկալի» տեղ մը չէ, մանաւանդ անձերու համար, որոնք ունին զաւակներ ու թոռներ: Ոչ «ցանկալի» ըլլալը արդիւնքն է մեր ստեղծած նախապաշարումներուն. երբ կը կարդանք հիները, կը տեսնենք, թէ ծերանոցը որպէս դժոխք կամ անտեսուածներու վայր կը ներկայացուի. գրողներէն շատ շատեր «ծերանոց իյնալ» արտայայտութիւնը կը գործածեն եւ կամ իրենց քննադատութեանց մէջ խօսելով երեւոյթի մը մասին «հոս ծերանոց չէ» արտայայտութիւնը կ'՚ունենան:

ՄԱՐԴՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքին նպատակն է սէ՛րը։ Ուրիշ ամէն առաւելութիւններ, առաքինութիւններ, գիտութիւններ, ճշմարտութեան յայտնութիւնը պէտք է ըլլան միջոցներ միայն՝ հասնելու համար այդ նպատակին։

ՀԵՐԸԼՏ ՄԸ՝ ԶԱՒԷՆԻ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՄԲ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բազմաթիւ հայերու համար այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երթալն ու այդտեղ կայք հաստատելը որքան ալ տենչալի ըլլալ թուի, անցեալին այդպէս չէր՝ մանաւանդ ամերիկահայ գաղութի առաջին գաղթականներուն համար:

ՏԱԼԸ ԵՒ ԱՌՆԵԼԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աւելի՛ երջանկաբեր է տալը, քան առնելը». (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Մարդուս կեանքը, ընդհանրապէս հաստատուած է նիւթական եւ հոգեկան առեւտուրերու վրայ, քանի որ մարդ՝ որպէս անհատ ընկերային արարած մըն է եւ անոր կեանքը մեծ մասամբ կախում ունի մէկզմէկու կեանքէն։

«ՄԱՅՐԵՆԻ»ԻՆ ՄԷՋ ՇԵՇՏԵՆՔ ՄԱՅՐԵՆԻՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին որոշեցի թերթատել մեր դպրոցներուն մէջ որպէս հայերէն լեզուի դասագիրք օգտագործուող գիրքերը՝ տեսնելու համար, թէ ի՞նչ կը սորվին ու կը կարդան մեր հասակ առնող նոր սերունդները:

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՍՆՈՒՆԴԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աշխարհը թանկագին միջավայր մըն է. հո՛ն է որ մարդկային սերունդը կ՚արտայայտէ ինքզինք՝ իր սքանչելի՜ կարողութիւններով, այդ աշխարհը պէտք է ըլլայ լուսաւոր, որպէսզի միակողմանի ըլլայ մարդկային արտայայտութիւնը. մեր կարողութիւններուն մէկ մասը պէտք չէ՛ մնայ խաւարի մէջ, մեր բարոյական ուժերը եւ ազնուութիւնները պէտք չէ՛ որ անտեսուին եւ մոռցուին՝ մեր նիւթական զբաղումներու բազմութեան մէջ, քանի որ միայն մարմնի ուժը եւ գեղեցիկ աճումը, բարիի ձգտումը բոլորովին մարմնական նկատումներով կարելի չէ՛ որ կեանքին բուն նպատակը ըլլայ։

ԱՆՀԱՒԱՏԸ «ՆԱՐԵԿ»Ը ՁԵՌՔԻՆ ԿԸ ՄԵՌՆԻ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ գրականութեան կարեւոր ու հետաքրքրական դէմքերէն են Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, որոնք ինչքան համանման, նոյնքան հակառակ գաղափարի տէր մարդիկ էին։ Երկուքն ալ թունդ հայրենասէր ու նոր սերունդին նուիրուած մտաւորականներ, սակայն անոնց մէջ հիմնական տարակածութիւնը հաւատքի շուրջ էր. Աղբալեանի համար եկեղեցին եւ եկեղեցականը որպէս ազգային արժէք սրբազան նշանակութիւն մը ունէր, մինչ Լեւոն Շանթ հեռու էր թէ՛ եկեղեցիէն եւ թէ հաւատքէն եւ անոնց աշակերտներուն կողմէ պատմութեան էջերուն յանձնուած մի քանի դրուագներ ցոյց կու տայ այդ հակառակ ըմբռնումները:

ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԴՐԱ՛ԽՏ Է

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կասկած կա՞յ, սիրելի՜ բարեկամներ, որ ընտանիքը դրախտ է, եթէ զայն կազմող անդամները՝ գլխաւորութեամբ այր եւ կնոջ, համերաշխ են եւ ներդաշնակ։ Այս միասնականութեան մէջ կարեւորագոյն անդամը կինն է՝ որպէս մայր, որպէս միւս բոլոր անդամները միացնող, իրարու կապելու իր շնորհով։ Եւ այս իմաստով կիներու կը վերաբերի մեծ պատասխանատուութիւն՝ ընտանիքի մը մէջ միաբանութիւնը, համերաշխութիւնը եւ խաղաղութիւնը հաստատելու եւ պահպանելու եւ տեւականացնելու համար, որոնց շնորհիւ ընտանիքը կը վերածուի դրախտ՝ երկրի վրայ։

ԹՈԹՈՎԵՆՑ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դէմքեր կան, որոնք հակառակ իրենց կատարած գնահատելի ու մեծ աշխատանքին, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը տրուին եւ իրենց անուան հետ կը կորսուի նաեւ արժէքը՝ որ որպէս ժառանգութիւն ուզեցին փոխանցել մեր ազգին:

Էջեր