ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻՆ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սովորութիւն է եղած ըսել. «ժամանակը փոխուած է…»։ Բայց իրականին՝ փոխուածը ժամանա՞կն է, թէ մա՛րդը։ Սա իրականութիւն է՝ թէ փոխուած է շատ բան, ժամանակ, մարդ, սովորութիւն եւ կեա՛նք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սովորութիւն է եղած ըսել. «ժամանակը փոխուած է…»։ Բայց իրականին՝ փոխուածը ժամանա՞կն է, թէ մա՛րդը։ Սա իրականութիւն է՝ թէ փոխուած է շատ բան, ժամանակ, մարդ, սովորութիւն եւ կեա՛նք։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդասիրութիւնը մարդկային արժէքներու մեծագոյնն է. մեծագոյնը՝ որովհետեւ գերազանցելով նիւթականը կը մարմնաւորէ անձի նկարագիրը՝ հիմնուած կարեկցանքի եւ բարոյական մեծ արժէքներու վրայ: Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք բոլոր կրօնները, անկասկած այդտեղ պիտի գտնենք գթութեան եւ մարդասիրութեան վարդապետութիւնը, հիմք ունենալով մարդկային բարութեան սկզբունքները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ֆրանսացիներ գթասիրտ արդար անձը կը պատկերացնեն սա խօսքով. «Թաւիշ ձեռնոցի մէջ երկաթեայ ձեռք»։ Արդարեւ, մարդ արարածին համար, ընդհանրապէս դժուար կը թուի հաշտեցնել գութը եւ արդարութիւնը՝ կարծելով, որ իրար կը հակասեն այս արժէքները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մինչեւ մօտիկ անցեալ, բանաստեղծին ու մտաւորական գրողին չափ արժէք ունէր նաեւ ուսուցիչը, որովհետեւ այնպէս ինչպէս մտաւորականը հասարակութեան, նոյնպէս ալ ուսուցիչը ապագայ սերունդի միտքը կը լուսաւորէ, ուսուցիչն ու մտաւորականը զիրար կ՚ամբողջացնեն, որովհետեւ մին կրնայ գրել, սակայն չուսուցանել, իսկ երկրորդը ուսուցանել՝ սակայն չգրել. իսկ եթէ երկուքը միատեղ ընելու Աստուածային շնորհը ունենային (ինչպէս ունէին մեր անցեալի բազմաթիւ գրող-ուսուցիչներ՝ ինչպէս օրինակ Ղազարոս Աղայեան, Տիրան Չրաքեան, Սիպիլ եւ ուրիշներ) ծնունդ կու տային նախանձելի սերունդի մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծն Աղեքսանդր տիրացաւ այն երկրին՝ որ կը գտնուի Արեւելքէն՝ ընդմէջ Միջերկրականի, Սեւ ծովու եւ Սահարայի, Ինդոսի, այսինքն՝ Եւրոպայէն Հնդկաստանի ճամբուն վրայ։ Իրմէ ետք, Հռոմէական կայսրութիւնը հազուադէպօրէն այդ ուղղութեամբ հասաւ Տիգրիս՝ որով Պարսկաստան կրցաւ դարձեալ բարձրացում մը ունենալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն գիրք բռնող ընթերցող չէ եւ ամէն ընթերցող «մտաւորական» չէ. վերջերս հասայ այս եզրակացութեան, երբ տեսայ, թէ ինչպէս մարդիկ «ցուցադրութեան» սիրոյն գիրքը գերի կը դարձնեն իրենց սեփական փառասիրութեան, ունենալով այն համոզումը, որ գիրքը շրջապատին վրայ պիտի ձգէ իրենց զարգացած ու բարձր դասակարգի մարդ «ըլլալու» ձախող համոզումը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ Հռոմէական կայսրութիւնը քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք, հարիւր տարի անցնելէ ետք իսկ տակաւին կը շարունակէին, կը շարունակէին աւելի եւս խանդավառ կերպով տխրահռչակ գազանաբարոյ ցոյցերը՝ մեծ կրկէսին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ահաւասիկ 1,000 եւ ահաւասի՛կ 1... Անիի աւերակուած եկեղեցիները չենք հաշուեր, ո՛չ ալ արաբական մշակոյթին մէջ յայտնի Շահրազատի հազար ու մէկ գիշերները կը մտաբերենք. պարզապէս ետեւ նայելով կ՚ուզենք արժեւորել արգասիքը մեր ցանքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը իր խղճմտանքին խորը կը գտնէ ներկայութիւնը օրէնքի մը՝ որ ինք չէ տուած, սակայն որուն ինք պարտական է հնազանդիլ։ Այս ձայնը, որ անդադար կը մղէ զինք սիրելու եւ կատարելու «բարի»ն եւ զգուշանալու «չար»էն, պատեհ պահուն կը հնչէ անոր սրտին մտերմութեան մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս բոլորին մէջ Եղիա Տէմիրճիպաշեան սեփական շահ ունէ՞ր. զինք հիւանդութեան չափ մտահոգող այս հարցը համազգային հարց մը պէտք չէ՞ ըլլար. այդ թուականներուն հայկական վարժարաններու մասին դրական արձագանգ չէին տար մտաւորականները։