«ՄԱՐԴ» ԵՒ «ԴՐԱՄ»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը կարդանք «մարդ» եւ «դրամ» բառերը՝ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը. «մարդ» բառը երբ շրջենք եւ հակառակ կողմէն կարդացուի՝ «դրամ» բառը կ՚երեւի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը կարդանք «մարդ» եւ «դրամ» բառերը՝ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը. «մարդ» բառը երբ շրջենք եւ հակառակ կողմէն կարդացուի՝ «դրամ» բառը կ՚երեւի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ Երեւանի մէջ խումբ մը գրասէրներով հաւաքուած, գրական երեկոյով մը կը փորձէինք վերլուծել ու հասկնալ սփիւռքահայ գրող Կարօ Փօլատեանը, որուն վէպերուն մէջ կարելի է գտնել ազգով մտահոգ մտաւորականը. գրող՝ որ կը փորձէ ներկայացնել իր օրերու ֆրանսահայ գաղութը, իր հայ երիտասարդներով եւ անոնց մտահոգութիւններով, յոյզերով եւ ինքնութեան բախումներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխատանք եզրին համակարգութիւնը կ՚ենթադրէ իրերօգնութիւն եւ համագործակցութիւն։ Յաճախ կը կրկնենք մարդոց արարչութեան նպատակի ճշմարտութիւնը, թէ՝ անոնք ստեղծուած են իրերօգնութեան կոչումով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մինչեւ հիմա տեսանք, որ մարդու մը բարոյականութեան մէջ ինչպիսի ազդեցութիւն ունի ընտանեկան դաստիարակութիւնն ու դպրոցական կրթութիւնը, սակայն, մարդու բարոյական արժէքները չի սահմանափակուիր այս երկուքով.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կապադովիոյ կայսերական գունդէն, Դ. դարու սկիզբը, բոլորն ալ կանխաւ քրիստոնեայ եղած, Փոքր Ասիոյ զանազան քաղաքներէն քառասուն երիտասարդ՝ Սեբաստիա գտնուած միջոցին, Լիւսիաս Կեսարիոյ դուքսը՝ իշխանի եւ կոմսի միջեւ ազնուականը, հրաման ստացաւ Լիկիանոսէ քննել, թէ կա՞ն քրիստոնեաներ բանակին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր մարդ ունի սկզբունքներ, համոզումներ ու արժէքներ, որոնց ամբողջութիւնը կը կազմէ իր բարոյականութիւնը, որուն հիման վրայ կը ստեղծուի իր վարքագիծը եւ որուն լոյսին տակ կը կայացնէ որոշումներ. բարոյական այդ համակարգը իր խոր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մարդկային յարաբերութիւններուն եւ ընդհանրապէս իր կեանքին վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարգ մը հաւատացեալներ «սրբադասել»ով, այսինքն հանդիսաւորապէս հռչակելով, թէ անոնք առաքինութիւնները հերոսաբար գործադրեցին եւ Աստուծոյ շնորհքին հաւատարմութեան մէջ ապրեցան, եւ անոնք իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին անընդհատաբար հաւատարիմ մնացին առաքինութիւններու եւ աստուածային պատուիրաններու՝ Եկեղեցին կը ճանչնայ իր մէջ եղող սրբութեան Հոգիին զօրութիւնը եւ կը հրահրէ հաւատացեալներու յոյսը՝ սուրբերը իբրեւ տիպար եւ բարեխօս տալով անոնց։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայերէն լեզուին մէջ կան բառեր, որոնք լուրջ վերլուծութեան կը կարօտին. այդ բառերէն են, օրինակ՝ «խիղճ», «անխիղճ» ու «խղճալի» բառերը. այս բառերուն քովը կարելի է աւելցնել նաեւ «գութ», «անգութ» ու «գթութիւն» բառերը եւ պահ մը քով քովի բերել խղճալ ու գթալ բառերը՝ որոնք իրարմէ այնքան ալ տարբեր չեն երեւիր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տնտեսական գործունէութիւնը կ՚ենթադրէ գերակայ բարիին հասնիլ՝ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն ճանչնալ։ Տնտեսութիւն, որ ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ վարել, կառավարել, մատակարարել, նպատակ ունի, նպատակ ունենալու է բարձրագոյն բարի՛ն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային գոյութիւնը կ՚ընթանայ ընտրութիւններու միջոցով եւ այդ ընտրութիւնները անշեղ ուղղուածութիւն մը ունին դէպի ճիշդը, դէպի կատարեալը. Սակայն, հակառակ ջանքերուն, այս ուղղուածութիւնը միշտ իր նպատակին չի հասնիր եւ ակամայ ճիշդին քով տեղ կը գտնէ նաեւ սխալը՝ որ կեանքի միւս երեսակը կը կազմէ: