Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան պէտք է խել­քը գլու­խը հա­ւա­քէ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, փոխ-նա­խա­րա­րը կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի Պա­քու չտա­րուի սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու մրցա­վազ­քէն։

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015

CCAF-ի համանախագահները շուտով հանդէս եկան նախաձեռնութիւնով մը:
Ֆապիուսի եւ Քազնէօվի շրջաբերականէն վերջ Արցախի պարագային նոր որոնումներ:

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Հա­լէ­պի մօտ Հա­յաս­տա­նի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Տիգ­րան Գէոր­գեա­նին հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Տիգ­րան Գէոր­գեան Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նին ներ­կա­յա­ցուց Հա­լէ­պի առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը, որ վեր­ջին շրջան­նե­րուն սրուած է ա­ռա­ւել եւս։

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց զուի­ցե­րա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար, աշ­խար­հահռ­չակ «Ֆրանք Միւլ­լէր» ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ Վար­դան Սրմա­քէ­շը։ Ծա­նօթ է, որ այս վեր­ջի­նը նախ­կին պոլ­սա­հայ մըն է ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Հա­յաս­տա­նի ա­ւագ հիւ­պա­տո­սը՝ Մար­սէյ­լի մօտ։

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015

Շըրնաքի եւ Փոզանթըի մէջ ահաբեկիչները երէկ դարձեալ անիծելի յարձակումներ գործեցին զինուորներու եւ ոստիկաններու վրայ:
Թուրքիա վճռակամութեամբ յառաջ կը տանի իշիպ-ի եւ փքք-ի դէմ պայքարը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կողմնակից է փոքրամասնական կառավարութիւնով մը փութով ձեռնարկել նոր ընտրութեան:

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015

Ա­նուշ Թրուանց մե­զի կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

«Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» համաժողովը եզրափակուեցաւ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. «Լեզուի հարցը մեր ազգի գերխնդիրն է այսօր, եթէ լեզուն տկար վիճակի մէջ է, ապա մենք ենք յանցաւորը, հայերէնը մեր լեզուն է ու մենք պէտք է ըլլանք անոր պահապանը»:

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիուս ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թեհ­րա­նի մէջ, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի կող­մէ։ Այս առ­թիւ Լո­րան Ֆա­պիուս Հա­սան Ռու­հա­նիին փո­խան­ցեց Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հրա­ւէ­րը՝ Փա­րիզ այ­ցե­լե­լու հա­մար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Փե­քին կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Շի Ճին­փին­կի կող­մէ։ Էր­տո­ղան բարձր ա­րա­րո­ղա­կար­գով դի­մա­ւո­րուե­ցաւ եւ ու­նե­ցաւ բազ­մա­կող­մա­նի շփում­ներ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015

Ա­նուշ Թրուանց մե­զի կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Մօտաւորապէս հարիւր տարիէ ի վեր քննարկումներու առարկայ են հայոց լեզուին ուղղագրութիւնը եւ երկու ճիւղերու խնդիրները:
«Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման հարցերը» խորագրեալ համաժողովին շրջագծով ծաւալուն աշխատանք Երեւանի մէջ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան յատուկ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Ոչ-իսլամ համայնքները համատեղ դիմում մը պիտի կատարեն պետական աւագանիին մօտ՝ առկախեալ ընտրութիւններու հարցին լուծման համար: Ատնան Էրթէմ արդէն պատրաստած է երեք նոր նախագիծ - Ընտրական կանոնադրութիւնը թէեւ պարզ փաստաթուղթ մըն է, սակայն կը ներկայացնէ կշիռ մը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը գլխա­ւո­րէ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը, մաս­նակ­ցած է փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու աշ­խար­հա­կան ղե­կա­վար­նե­րու սոյն խորհր­դակ­ցու­թեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս Կիրակի Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը պիտի բացուին Համահայկական 6-րդ խաղերը, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ Օգոստոսի 13-ը:
Պատմական խորհրդանշաններու համադրութեան եւ մերօրեայ երիտասարդութեան եռանդի եզակի խաչմերուկին վրայ…

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ հինգ տա­րուան ընդ­մի­ջու­մէ մը վերջ նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան վերս­տին բե­մադ­րուե­ցաւ «Ժի­զել» պա­լէն, որ ֆրան­սա­ցի ա­րուես­տա­գէտ Ա­տոլֆ Ա­տա­նի հան­րա­յայտ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն է։ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէտ Վի­լեն Գալս­տեա­նի ջան­քե­րով վե­րա­կանգ­նուած է այս ներ­կա­յա­ցու­մը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կ՚ու­զեմ այ­սօր ձե­զի ներ­կա­յաց­նել Ա­ւե­տա­րա­նէն հա­տուած մը, եւ ա­ռանց ո­րե­ւէ բա­ցատ­րու­թեան հարց­նել, թէ՝ շուրջ եր­կու հա­զար տա­րի ա­ռաջ Յի­սու­սի պար­զած տե­սա­րա­նը ո՜ր­քան կը պատ­շա­ճի մեր օ­րե­րուն՝ իբր թէ ա՛յ­սօր խօ­սուած ըլ­լա­յին ա­նոնք։ Սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ, ա­մէ­նօ­րեայ տե­սա­րան­ներ, յա­ճախ տես­նե­լու եւ ապ­րե­լու հար­կադ­րուած ի­րո­ղու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք ա­մէն շրջա­նի, ա­մէն լրջա­խոհ ան­ձե­րու ցաւ է պատ­ճա­ռած եւ մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ է դար­ձած։ Ու­րեմն կար­դանք հա­տուա­ծը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Լի­բա­նա­նի Սա­հա­կեան-Լե­ւոն-Մկրտի­չեան գո­լէ­ճի տնօ­րէն Նա­զօ Ճէ­րէ­ճեա­նը եւ ին­նե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Ծո­վակ Քէօշ­կէ­րեա­նը։ Հարկ է նշել, որ այս ա­շա­կեր­տու­հին վեր­ջերս նուա­ճած էր Ա­րա­րա­տի գա­գա­թը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ ար­տա­հերթ նիստ մը գու­մա­րեց՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան օ­րա­կար­գով։ Միօ­րեայ աշ­խա­տան­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան Շա­ֆաք Փա­ւէ­յի նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ ան­ցաւ բա­ւա­կան լա­րուած մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կերպուած «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ծրա­գի­րը փուլ առ փուլ կեան­քի կը կո­չուի յա­ջո­ղու­թեամբ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խըն­թաց օր սկսաւ այս ծրագ­րին շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած հա­մայն­քա­յին գոր­ծի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու դա­սըն­թաց­քը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015

Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­հան­գած է երկ­րի տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րուն՝ կա­սեց­նել Ար­ցա­խի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րը։ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Յու­լի­սի 2-ին հրա­պա­րա­կած է շրջա­բե­րա­կան մը, որ կը բո­վան­դա­կէ մտա­հո­գիչ հան­գա­մանք­ներ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կեց Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րըն­տիր Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիարք Գրի­գոր Պետ­րոս Ի.-ին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015

​ԵՄ-ի դիւանագիտութեան եւ անվտանգութեան յանձնակատարին Իրան այցը:
Հասան Ռուհանի եւ Ֆետերիքա Մոկերինի քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութիւնը:

Էջեր