Արխիւ
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ այսօր տեղի կ՚ունենայ կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը։ Մեր վարժարաններուն մէջ գործող կամ հանգստեան կոչուած կրթական մշակներ այս առաւօտ մասնաւոր փոխադրամիջոցներով Ֆէրիգիւղէն ճամբայ ելան դէպի Վոսփոր՝ Գալէնտէր թաղամասը, ուր «Գաղտնի պարտէզ» զբօսարանին մէջ կ՚անցընեն իրենց օրը։
«Հիլթըն» աշխարհահռչակ պանդոկներու ցանցը կը պատրաստուի մասնաճիւղ մը հաստատել Երեւանի մէջ։
Հայաստանեան լրասփիւռները կը հաղորդեն, որ յառաջիկայ շաբաթներուն պաշտօնապէս պիտի բացուի այս նոր հինգաստղանի հիւրանոցը, որ պիտի գործէ Երեւանի կրկէսին մօտ կառուցուած բարձրայարկ շէնքէն ներս։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցաւ գրող Էրիք Պօղոսեան։ Այս հաւաքոյթին ընթացքին ծանօթացուեցաւ հայկական հարցին վերաբերեալ իր վերջին գիրքը։
Անգարա եւ Աթէնք համակարծիք վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցներ ձեռք առնելու համար:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Նիքոս Քոցիաս երէկ փոխանցեցին ապագային վերաբերեալ լաւատես պատգամներ:
Երեւանի եւ Փեքինի համագործակցութեան առջեւ նոր հորիզոններ կը բացուին Մետաքսի ճանապարհի ծրագրին բերումով:
Չինաստանի կառավարութիւնը մտադիր է վարկեր տրամադրել Հայաստանին՝ ենթակառուցուածքներու շինարարութեան համար:
Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտէլշթայն կոչ ուղղեց, որպէսզի իր երկիրը վերատեսութեան ենթարկէ հայկական հարցին վերաբերեալ դիրքորոշումը։ «Ճէրուզալէմ փոսթ» օրաթերթի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Քնեսեթի նախագահը յարմար կը նկատէ, որ վերատեսութեան ենթարկուի Իսրայէլի դիրքորոշումը ըստ որու հայոց եղեռնը կը նկատուի մարդկութեան դէմ բարոյական բիծ մը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ յայտնի պատմաբան Թանէր Աքչամի հետ։ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Թանէր Աքչամին հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ Մայր տաճարի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման համար Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին կապակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Թանէր Աքչամն ալ մաս կը կազմէ այս դատական նախաձեռնութեան համար ստեղծուած յանձնախումբին, իբր այդ սոյն տեսակցութիւնը ունեցած է աշխատանքային բնոյթ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի ընթացաւարտ դասարանի սաները անցեալ շաբաթավերջին ուղեւորութիւն մը իրականացուցին դէպի Սիվրիհիսար եւ Էսկիշէհիր։ Տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի կողմէ գլխաւորուած խումբին կ՚ուղեկցէին նաեւ դպրոցի ուսուցչական կազմէն դէմքեր։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ անցեալ շաբաթ Ֆլորիայի մէջ տիկնանց ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ ի նպաստ դպրոցին։ «Տէվէլի» ճաշարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 250 հոգի։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ շաբաթավերջին Մայրերու օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ եզակի հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, մանկապարտէզի փոքրիկները անմոռանալի օր մը պարգեւեցին իրենց մայրերուն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի աշակերտները փայլուն յաջողութիւններ արձանագրած են Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած լողի մրցաշարքի արդիւնքին։
Երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ 52-րդ շրջանի հերթական այս համագումարին դիւանը գլխաւորեց Յակոբ Արապեան, որու կողքին էին Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ Կարէն Թալաս։
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան Անգարայի մէջ վերջերս մասնակցեցաւ Եւրոպայի օրուան առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ԱԳ կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած Մարգար Էսաեանը, որուն կ՚ընկերանային իր օգնականներն ու կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավարութենէն ներկայացուցիչներ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Մարգար Էսաեան մեզի յայտնեց, թէ կը փորձէ ընտրութիւններուն ընդառաջ հասարակութեան բոլոր խաւերուն եւ շրջանակներուն հետ ըլլալ շփման մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոնէութեան սի՛րտն է «Յարութի՛ւն»ը։
Արդարեւ հոգիին եւ մարմինին բաժանումն է մահը։
Մահով՝ մարդուն մարմինը փտութեան կը մատնուի, մինչ անոր հոգին կ՚երթայ ընդառաջ Աստուծոյ, սպասելով, որ վերստին միանայ իր «փառաւորեալ» մարմինին հետ։
Երեւան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ուսանողական մայրաքաղաք։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան այս շրջագծով վերջերս հիւրընկալեց Եւրոպական ուսանողական միութեան պատուիրակութիւնը, որուն կ՚ուղեկցէին Հայաստանի Ուսանողական ազգային ընկերակցութեան անդամները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ տուած հովուապետական այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յայտարարեց, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կրնայ Թուրքիայէն պահանջել վերադարձը՝ իր բռնագրաւեալ եկեղեցիներու սեփականութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Ամերիկայի ձայն»ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ ներկայիս ապագայ դատական դիմումի հիմնաւորման վրայ աշխատանք կը տանին իրաւաբաններն ու պատմաբանները։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս Երեւանի մէջ հիւրընկալեց «Գոհար» համոյթի հիմնադիր-բարերարուհի Գոհար Խաչատուրեանը։ Լիբանանահայ ազգային գործիչին կ՚ընկերանային համոյթի գործադիր տնօրէնները՝ Սեւակ Սերովբեան եւ Սարօ Սերովբեան։
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան վերջերս հիւրընկալեց Սէն Փեթերսպուրկի նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքոն։ Մարգարեան եւ Փոլթաւչենքօ քննարկեցին երկու քաղաքներու համագործակցութեան հեռանկարները։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ կը նախատեսէ Երեւանի եւ Սէն Փեթերսպուրկի համագործակցութեան հեռանկարներուն ընդլայնումը։
Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին յայտարարութիւնը:
Արցախի նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստի գումարման գործընթացը կը շարունակուի: