Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մա՛րդ չ՚ուզեր խօսիլ մահուան մասին, բայց ինչպէ՞ս չխօսուի անոր մասին, երբ գրեթէ ամէն օր կը դիմաւորուի մահուան իրողութեան հիտ՝ երբեմն իր մերձաւորին, երբեմն սրտակից բարեկամի մը, եւ երբեմն ալ բոլորովին անծանօթ մէկու մը միջոցով՝ թերթի մը կամ հեռատեսիլի մը լուրին մէջէն։ Անշուշտ մարդուս հակազդեցութիւնը տարբեր կ՚ըլլայ իւրաքանչիւր մահուան լուրին նկատմամբ, ամէն մահ նոյն ազդեցութեամբ չի տպաւորեր, մերձաւորի մը, հեռաւորի մը կամ բոլորովին անծանօթի մը մահը տարբեր է մարդուս համար։
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի եռակողմանի համագործակցութիւնը կը խորանայ բազում ուղղութիւններով։ Այս շրջագծով նախընթաց օր Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Նինտիա Ճանելիծէի, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազի հանդիպումը։
Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներուն աւագ պաշտօնեաները քննարկեցին իրենց մօտեցումները։
Փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան ընդգծեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ ԵՄ-ի հետ գործակցութիւնը խորացնելու համար։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրովի կողմէ։ Ուղեւորութիւնը պիտի կայանայ Ապրիլի 7-8-ին։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ տարեկան համագումարը՝ Երեւանի մէջ:
Ռադիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց անցեալ տարուան գործունէութեան մանրամասն հաշուետուութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Թեհրան, ուր պիտի հիւրընկալուի Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոս իր ամբողջ կեանքով եւ մանաւանդ իր կեանքին վերջին եօթնեակին ցոյց տուաւ, թէ անմահութիւնը միայն «մահէն ազատ ըլլալ»ու հոգեկան գոյավիճակ մը չէ՛։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս շաբաթավերջին իր զանգերու զուարթ ղօղանջով կ՚ազդարարէ տօնական աւետիսը:
Տաղաւարի ցնծութեամբ համակուած աշխարհացրիւ հայութիւնը կը սպասէ իր հայրապետին՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պատգամին:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Անգամ մը եւս մեր սրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին։ Դատարկ Սուրբ Գերեզմանէն աւանդուած Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը այս տարի եւս կու գայ պարուրել մեզ, ու զգացնել՝ իր հրաշագործ զօրութիւնը։
Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր հանգրուանին մեր հաւատացեալ ժողովուրդը կ՚ունենայ հոգեւոր խոր ապրումներ։
Յունական Կիպրոսի խորհրդարանը երէկ միաձայնութեամբ ընդունեց հայանպաստ որոշում մը։ Այսպէս, հաւանութեան արժանացաւ բանաձեւ մը, որով կը նախատեսուի «քրէականացնել հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը»։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Տուշանպէի մէջ մասնակցեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վրայ ազդեցութիւն գործող խնդիրներուն, Կեդրոնական Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն կապակցութեամբ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի յարկէն ներս Ս. Զատկուան նախորդող շրջանին ապրուեցաւ արտասովոր խանդավառութիւն։
Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Հետազօտութեան 100 տարին» քառօրեայ գիտաժողովի լոյսին տակ։
«Միջազգային իրաւունքի դրսեւորումները մեծաւ մասամբ կը ձեւաւորուին քաղաքական ազդեցութիւններով»։
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) կողմէ կազմակերպուած Հինգշաբթիի զրոյցներու շարքի հերթական փուլին երէկուան հիւրն էր Պողազիչի համալսարանի Պատմութեան ամպիոնի դասախօսներէն Տոց. Մելթէմ Թոքսէօզ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անշուշտ, պիտի ըսէք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, մեզի անծանօթ չէ, թէ Յիսուս խաչուեցաւ։ Բայց սիրելինե՜ր, բնաւ խորհա՞ծ էք կամ դուք ձեզի հարցուցած էք, թէ Յիսուս ինչո՞ւ խաչուեցաւ։
Երեւանի մէջ կը շարունակուի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 88-րդ համագումարին գծով կազմակերպուած զրոյցներու շարքը:
Հայաստանի պետականակերտման մարտահրաւէրները:
Ամերիկեան համալսարանէն ներս երէկուան հաւաքոյթին մասնակիցները հետեւեցան հեղինակաւոր տնտեսնագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլուի տեսակէտներուն:
«Ալարքօ հոլտինկ»ի դահլիճի երդիքին տակ աշխատանոցի ձեւաչափով հետաքրքրական հաւաքոյթ մը:
«Ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները» խորագրեալ ծրագրին շրջագծով բազմակողմանի քննարկումներ:
Իրանի հիւլէական ծրագրին շուրջ երէկ ի վերջոյ գոյացաւ եզրակացութիւն մը:
Թեհրան եւ P5+1 ձեւաչափով Լոզանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները տուին դրական արդիւնք:
Հնագէտները Հայաստանի մէջ շուրջ 3300 տարուան անցեալ ունեցող երեք սրբավայր յայտնաբերած են: Ըստ «International Business Times»ի, փորձագէտներուն կարծիքով՝ Գեղարօտի բլուրին գագաթը գտնուող ամրոցին մէջ յայտնաբերուած սրբավայրերը ժամանակուան իշխողներուն կողմէ կը գործածուէին` ապագան կանխատեսելու համար: