Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Պէյ­րութ՝ Լի­բա­նա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճիպ­րան Պա­սի­լի հրա­ւէ­րով։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոններու ցանցը կ՚ընդլայնուի ամբողջ Հայաստանի տարածքին:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

​Սէրկէյ Լաւրով եւ Էլմար Մամէտեարով Մոսկուայի մէջ մանրամասն քննարկումներ ծաւալեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
«Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմավարական համագործակցութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան հաստատման համար»:

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Շա­բաթ, 23 Մա­յիս, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը գլխա­ւո­րու­թեամբ Տ. Եփ­րեմ Արք. Թա­պա­գեա­նի ու մաս­նակ­ցու­թեամբ միա­բան հայ­րե­րու, ժո­ղո­վա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, հրա­ժեշտ տուաւ ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն, անձ­նուէր ու հա­ւա­տա­րիմ հո­գե­ւո­րա­կա­նին, հմուտ հա­յա­գէ­տին, ծի­սա­գէ­տին, աս­տուա­ծա­բա­նին եւ Տնօ­րէն ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ՝ Տ. Կո­րիւն Արք. Պա­պեա­նին։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րուն ա­ւան­դա­կան դաշ­տապ­տոյ­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին։ Այս առ­թիւ բազ­ման­դամ խում­բի մը ձե­ւով թոփ­գա­բու­ցի­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Քի­լիոս, ուր «Շէօ­մի­նէ» զբօ­սա­րա­նին մէջ ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար ե­րէկ ներ­կա­յա­ցուց իր միա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւն­քը։ Ծա­նօթ է, որ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար շուրջ տա­րի մը ա­ռաջ ընտ­րուած էր քա­ղա­քա­պետ եւ այդ քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մօտ իր գոր­ծի գլուխ գա­լով սկսած էր նոր շրջան մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ սոփ­րա­նօ Ա­լիս Շա­հի­նօղ­լուի հա­մեր­գը։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի շար­քե­րէն հա­սած Ա­լիս Շա­հի­նօղ­լուի հա­մեր­գի ծրագ­րին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նաեւ թե­նոր Ճան Ռե­հա Կիւն, սոփ­րա­նօ Ֆուն­տա Կիւլ­լիւ եւ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Սիմ­թէն Շէն­փո­լատ։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ա­զա­տու­թիւն»ը՝ ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ կամ­քին մէջ ար­մա­տա­ցած կա­րո­ղու­թիւնն է՝ գոր­ծե­լու կամ չգնոր­ծե­լու, ը­նե­լու այս կամ այն, ինք­նա­կամ ու ան­կա­խօ­րէն վճռե­լու կա­տա­րե­լիք գոր­ծեր։ Այս սահ­մա­նու­մէն կը հե­տե­ւի, թէ հա­ցը, ջու­րը եւ օ­դը ի՛նչ որ է մար­դուս մարմ­նին, ֆի­զի­քա­կան էու­թեան հա­մար, ա­զա­տու­թիւ­նը նոյնն է մար­դուս մտա­ւոր կեան­քին հա­մար։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Զբօսաշրջութեան խրախուսման ուղղեալ ծրագրերը հետզհետէ կ՚ընդգրկեն ազգային խոհանոցներու ծանօթացման նախաձեռնութիւններ:
Մուսալեռի յուշահամալիրին մօտ այս տարի հինգերորդ անգամ կազմակերպուած խրախճանքը ստեղծեց աննախընթաց խանդավառութիւն:

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Կարս քա­ղա­քը հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րու ան­ցեա­լով, բազ­մա­թիւ քա­ղա­քակրթու­թիւն­նե­րու մշա­կու­թա­յին հետ­քե­րով միշտ մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ զբօ­սաշր­ջու­թեան աշ­խար­հէն ներս։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րուն մօտ թափ պի­տի տրուի քա­ղա­քի ծա­նօ­թաց­ման ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ որ­պէս­զի ան հիւ­րըն­կա­լէ ա­ւե­լի բարձր թի­ւով եւ­րո­պա­ցի զբօ­սաշր­ջիկ­ներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Ճա­բոն մաս­նա­գէտ­նե­րը այս տա­րի փա­փաք յայտ­նած են ա­ռա­ջին ան­գամ հայ մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ միա­սին պե­ղում­ներ ի­րա­կա­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս պե­ղում­նե­րը պի­տի կա­տա­րուին Ա­րա­րա­տեան դաշ­տա­վայ­րի եւ Ա­րա­գա­ծի նա­խա­լեռ­նա­յին շրջան­նե­րուն մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Վիեն­նա­յի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Եւ­րո­տե­սիլ-2015» եր­գի հա­մաեւ­րո­պա­կան մրցոյ­թը, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ վաթ­սու­նե­րորդ ան­գամ եւ ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Աւստ­րա­լիան։ Ընդ­հան­րա­պէս, այս ե­րաժշ­տա­կան տօ­նը հա­տեց իր եզ­րա­գի­ծը, իսկ այս տա­րուան դափ­ներ­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ Շուէ­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Մոնս Զել­մեր­լեով։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

ԵԽԽՎ-ի Իրաւական գործոց եւ մարդու իրաւանց կոմիտէին երկօրեայ նստաշրջանը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով:

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յայ­տա­րա­րեց, որ ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ մէջ առ­կայ է ինք­նու­թեան ճգնա­ժամ մը։ 2015-ի ո­գե­կոչ­ման մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ըն­թաց­քին կա­պակ­ցու­թեամբ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ՝ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Ըստ Անկելա Մերքէլի, Արեւելեան գործընկերութիւնը ընդլայնման միջոց մը չէ Եւրոպական միութեան համար: «Կամ-կամ» սկզբունքը անընդունելի: Վերջին գագաթաժողովով յաջողութիւն արձանագրուեցաւ Պրիւքսէլի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման ճանապարհին:

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի փոք­րիկ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ան­մո­ռա­նա­լի պտոյտ մը դէ­պի Սկիւ­տար։ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չա­յին­նե­րուն եւ պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ խում­բը Գալ­ֆաեան Տան ննջա­րա­նի բաժ­նի պար­տէ­զին մէջ հա­մախմ­բուե­ցաւ դաշ­տա­հան­դէ­սի մը առ­թիւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը ե­րէկ խան­դա­վառ օր մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քին առ­թիւ։ Այս առ­թիւ վար­ժա­րա­նը հիւ­րըն­կա­լեց իր զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ո­րոնք հա­մա­կուած էին տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հրա­տա­րակ­չու­թեան յանձ­նա­խում­բը լոյս ըն­ծա­յեց «Կա­նոն հոգ­ւոյն սրբոյ գալս­տեան» խո­րագ­րեալ գրքոյ­կը, ե­կե­ղե­ցա­կան ու ե­կե­ղե­ցա­սէր շրջա­նակ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար։ Խմբագիրն է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ տօ­նա­կան օր մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու օ­րուան առ­թիւ։ Հո­գե­գալս­տեան տօ­նին օ­րուան զու­գա­դի­պած հա­ւա­քին շրջագ­ծով գա­տը­գիւղ­ցի­նե­րը նախ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցե­ցան թա­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից օ­րը ա­ռիթ դար­ձաւ, որ­պէս­զի հին ու նոր թարգ­ման­չաց­ցի­ներ ի մի հա­ւա­քուին ի­րենց կրթօ­ճա­խի յար­կին տակ։ Խան­դա­վառ հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նեց սա­նուց միու­թեան վար­չու­թե­նէն Մե­լի­սա Ֆե­րա­հեան։

Էջեր