Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

Ե­րէկ, Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւն։ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով Իս­թան­պուլ հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րը իր եր­դի­քին տակ կը հիւ­րըն­կա­լէ այս վար­ժա­րա­նը, ուր ե­րէկ ապրուե­ցաւ տօ­նա­կան օր մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ո­խա­կա­լու­թիւն» եւ «վրէժխնդ­րու­թիւն». ա­հա­ւա­սիկ եր­կու մո­լու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ մարդ պէտք է հե­ռու մնայ։ Բայց բո­լոր միւս մո­լու­թիւն­նե­րուն նման, որ­քան որ մարդ պէտք է հե­ռու մնայ ա­նոնց­մէ, ա՛լ ա­ւե­լի կը մօ­տե­նայ եւ կար­ծես իր ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին ան­բա­ժա­նե­լի տար­րը՝ մտքին ու սրտին մէջ միշտ պա­տուոյ տե­ղը կու տայ ա­նոնց։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Գա­րա­կէօ­զեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­տա­նե­կան նա­խա­ճաշ մը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Գա­րա­կէօ­զեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու շրջագ­ծով հաս­տա­տու­թեան բազ­մա­թիւ շրջա­նա­ւարտ­ներ հա­մախմ­բուե­ցան նա­խա­ճա­շի սե­ղան­նե­րու շուրջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը խան­դա­վառ շա­բա­թա­վերջ մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ե­րէ­կուան շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Այս­պէս, ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Տա­տեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։ Շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան ներ­կայ գտնուե­ցան թա­ղի Ծնունդ Ս. Աստուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան, Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ար­շըք, տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, կրթա­կան մշակ­ներ եւ յա­րա­կից մար­մին­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Վարժարանի հիմնադրութեան 120-ամեայ յոբելեանին զուգադիպած շրջանաւարտից օրը ստեղծեց աննախընթաց խանդավառութիւն՝ սերունդներու մեծ տողանցքով:
Բաժակի պահուն Էսաեանի ընտանիքին անդամները տօնական տրամադրութեամբ կրկնեցին իրենց անփոփոխ մաղթանքը պատմական կրթօճախի յարատեւութեան համար:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Ֆրան­սա­ցի լրագ­րող Թո­մաս Վա­լիւ ան­ցեալ շաբթուան մէջ այց մը տուաւ Իս­թան­պուլ։ Իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն ան այ­ցե­լեց նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը, ուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց թրքա­հայ հա­մա­յն­քա­յին կեան­քին, ա­նոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն, դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ վեր­ջին շրջա­նին կեան­քի կո­չուած բա­րե­փո­խում­նե­րու դրա­կան ար­դիւն­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին քա­ղա­քիս մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի վե­րա­նո­րո­գեալ շէն­քին բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հա­ւա­քոյ­թին հրա­ւի­րուած էր նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Պաշ­տօ­նա­կան ճա­ռե­րէն վերջ, Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ պա­տուոյ հիւ­րե­րը միաս­նա­բար հա­տե­ցին վե­րա­նո­րո­գեալ պատ­մա­կան շէն­քի մուտ­քին պար­զուած խորհրդան­շա­կան կար­միր ժա­պա­ւէ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի առ­կայ թո­հու­բո­հին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րուե­ցան ու­շագ­րաւ զար­գա­ցում­ներ։ Այս­պէս, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զօր­քե­րը Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Տաճարական ասպետները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին 1915-ի նահատակներուն համար:
Աւելի քան տասը երկիրներու միաբանութեանց գերագոյն մարմիններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Ատր­պէյ­ճա­նի ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ մի­ջա­զա­յին հե­տա­խու­զու­թիւն յայ­տա­րա­րե­ցին թուրք գոր­ծա­րա­րի մը դէմ։ APA գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ 47-ա­մեայ Եըլ­տը­րըմ Չաղ­լը կը մե­ղադ­րուի տուր­քե­րը վճա­րե­լէ խու­սա­փե­լով։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ոս­տի­կա­նու­թեան օ­րուան 97-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր նիս­տին։ Հարկ է նշել, որ այս հա­ւա­քոյ­թը նա­խա­տե­սուած էր ա­ւե­լի ա­ռաջ, սա­կայն այս տա­րի բա­ցա­ռու­թեամբ յե­տաձ­գուե­ցաւ՝ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը շաբաթավերջին Ս. Աթոռին մօտ հիւրընկալեց Պաղեստինի ղեկավարը:
Մահմուտ Ապպաս Վատիկանի մէջ մասնակցեցաւ սրբադասման հանդիսաւոր արարողութեան:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

Երեւանի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները կը ձգտին զանազան ոլորտներու ուղղութեամբ զարգացնել երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները:
Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները՝ Յովիկ Աբրահամեան եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ առանձնազրոյց մը ունեցան Պաթումի մէջ:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կո­րուս­տը, մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ միշտ ցաւ կը պատ­ճա­ռէ։
Ինչ որ ալ ըլ­լայ կոր­սուա­ծը՝ ո­րե­ւէ ա­ռար­կայ կամ ապ­րող էակ, հոգ կը պատ­ճա­ռէ մար­դուն եւ կ՚ու­զէ ժամ ա­ռաջ գտնել կորսուա­ծը եւ վերս­տին տի­րա­նալ ա­նոր։ Բնա­կան զգա­ցում մըն է այս, եւ աս­տի­ճա­նա­բար կը տես­նուի ա­մէն մար­դու մէջ։ Կո­րուս­տը ի­րա­պէս ցա՛ւ կը պատ­ճա­ռէ։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աստուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Մա­յիս 7-ին, 1064 տա­րի ա­ռաջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ Հայ­կեան Հան­ճա­րին գրա­կան սրբազ­նա­գոյն ճա­ճան­չու­մը հան­դի­սա­ցող Գ­­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին (951-1003), որ ի լուր հա­մայն աշ­խար­հի, 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ դա­սո­ւե­ցաւ Տիե­զե­րա­կան Վար­դա­պետ­նե­րու կար­գին։


 

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015

Իս­թան­պու­լի Հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ, Հար­պի­է, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ սու­րիա­հայ յայտ­նի մե­ներգ­չու­հի Լե­նա Շա­մա­մեա­նի հա­մեր­գը։ Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ այս ե­րե­կոյ­թը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին կը գտնուէին նաեւ մեր հա­մայն­քէն ա­րուես­տա­սէր­ներ։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այս աշ­խար­հի վրայ կեա՛նք մը տրուած է մե­զի, կեանք մը, որ պար­տա­ւոր ենք ապ­րե­լու՝ այս­պէս կամ այն­պէս, բայց ան­պայ­մա՛ն ապ­րե­լու ենք ո­րո­շուած ժա­մա­նա­կին մէջ։ Ինչ­պէս է կեան­քի մա­սին այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, նոյն­պէս է նաեւ ա­նոր ա­ճու­մը։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մօտ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­տեա­նի նիստ։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան շարք մը հար­ցեր։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015

Եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան տարածքի նախարարաց հաւաք եւ Պոլոնիայի ֆորում:
Նիստերը սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքով:

Էջեր