Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մայր» եզրը ընդհանրապէս կը խորհրդանշէ սկիզբը, աղբիւրը, գլխաւորը էութեան, քանի որ ան Աստուծոյ իրեն գործարար, գործակատար կարգած է երկրի վրայ՝ Իր արարչագործութեան գործին։ Աստուած մարդը ստեղծեց եւ «մայր»ը շարունակեց այդ «գործ»ը երկրի վրայ՝ ծնունդ տալով «մարդ»ուն։ Արդարեւ, ծնունդը եղաւ մայրենի գործ՝ աստուածային տնօրինութեամբ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլտաիմիր Փութին այս շաբաթավերջին պետական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու։ Երկօրեայ ուղեւորութիւնը կը սկսի վաղը։
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին ընդառաջ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, ուր միջոցէ մը ի վեր վերանորոգման ու բարեզարդման աշխատանքներ կը կատարուէին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս տարուան Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարը կը բնորոշուի Վաքըֆլըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնով։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Մայր Սուրբ սքանչելի լուսոյն,
որ զԱստուած ամենայն յաւիտեանց
յորովայնի քում կրեցեր.
եւ ցնծութիւն աշխարհի ծնար զԲանն Աստուած»
(Ժամագիրք)
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարը անգամ մը եւս առիթ կ՚ընձեռէ անդրադառնալու եւ ինչու չէ նաեւ վերյիշելու «Տիրոջ աղախին»ը, որուն արտասանած մեծ «Եղիցի»ին կը պարտինք Հօր Աստուծոյ մշակած փրկագործութեան ծրագրին՝ մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին յայտնութիւնը։
Թուրքիա հարաւային սահմաններուն երկայնքով անվտանգութիւնը ամբողջապէս երաշխաւորելու առաջադրութեամբ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ յառաջ կը տանի՝ մասնաւորապէս համագործակցութիւնը խտացնելով Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից երիտասարդները։ Խումբին ուղեկցեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, որ հանդիպման սկիզբին հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը։
Գնալըի բարձունքին, Ս. Աստուածածնի տօնին ընդառաջ, ուխտի շաբթուան շրջանակներէն ներս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտը կը շարունակուի թափով։ Երէկ յետմիջօրէին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին ընդառաջ փութացած են Թուրքիա։ Ուխտագնացութիւնը կը գլխաւորէ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ տոց. տքթ. Վահէ Ալիքսանեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր՝ մասնաւորապէս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն պատասխանատուներ։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու արդի տարեգրութեանց մէջ, զօրակցութեան տեսակէտէ այս ամառ բացառիկ դրսեւորում մը հանդիսացաւ Գնալըի բարձունքին պարզուած ողջունելի դրուագը։
Պոլսահայ վարժարաններէն ներս կրօնի առարկայի դասաւանդման ուղղեալ նոր նախաձեռնութիւն մը:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, Գումգաբուի մէջ համայնքային վարիչներու հետ խորհրդակցութիւն:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Այդ մատանին պայուսակիս մէջ գացի ամմօ Կայծակենց…
Մատանին առնեն ըսելով մատս չփրցուցին, սակայն մատանիին օղակը շատ նեղ էր սիրող սրտիս համար, սեղմեց, արիւնեց, բզկտեց սիրտս… Մատանին ուրիշ ճակատագիր ունեցաւ…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեր օրերուն բնութեան հաւասարակշռութիւնները արագօրէն կը փոխուին, կենդանի տեսակներ կ՚անհետանան, տեղի կ՚ունենան աննախադէպ բնական աղէտներ եւ անոնց քանակն ու սաստկութիւնը օրէ օր կը մեծնան: Լարուածութիւնը կը ծաւալի ո՛չ միայն բնութեան մէջ, այլեւ՝ մարդոց միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած արդար դատաւոր է եւ Աստուած մեղաւորին ամէն օր բարկացած է». (ՍԱՂՄ. Է 11)։
Աստուած կը բարկանայ. Աստուծոյ բարկութիւնը նո՛յնքան աստուածային կատարելութիւն մըն է՝ ո՛րքան Անոր հաւատարմութիւնը, զօրութիւնը եւ շնորհքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր անդրանիկ խօսքին մէջ եւս կը յիշէ երկու աթոռներու համագործակցութիւնը։ Ան իր խօսքին մէջ կ՚ըսէ. «Ս. Էջմիածնի նախամեծար Մայր Աթոռին հետ մեր գործակցութիւնը պիտի ըլլայ անմիջական ու ամբողջական:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մի՛ սպաններ» (ՄԱՏԹ. Ե 21) պատուէրով Յիսուս կը պատուիրէ սրտի խաղաղութիւնը եւ կը դատապարտէ մահագործ բարկութեան եւ ատելութեան անբարոյականութիւնը։
Արդարեւ, «բարկութիւն»ը փափաք մըն է ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան։ Եւ «վրէժխնդրութիւն բաղձալը պատժի արժանացած մարդուն գործած գէշութեան համար, ապօրինի է», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Միւս կողմէ, Անթիլիաս իր յարգանքը կը ցուցաբերէր Ս. Աթոռ Էջմիածինը «նախամեծար» անուանելով. Անթիլիաս նեղացած չէր, որ իր կաթողիկոսը՝ Գարեգին Բ. մեկնելով Էջմիածին դարձած էր Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։
Անգարայի ղեկավարութիւնը այս օրերուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալէ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Թուրքիա, որ Կազզէի պատերազմի սկիզբէն ի վեր շատ վճռական դիրքորոշում որդեգրած է, այս փուլին եւս իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Պաղեստինին։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«ScienceNewsExplores» կայքը հրապարակած է յօդուած մը, ուր անդրադարձ կը կատարուի մարդկային յարաբերութիւններուն, մարդամեքենաներու արագ տարածումին եւ այս ծիրին մէջ մասնագէտներու վերջին ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն: