Արխիւ
Անգարա կը շարունակէ դրական պատգամներով հանդէս գալ՝ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն շուրջ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Վաչէ Կէօվճելեան ծնած է Ատիս Ապապա, Եթովպիա: Հայրը եթովպահայ, իսկ մայրը՝ լիբանանահայ է: Մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ աշակերտած է Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլէճին, ապա գացած է Լոնտոն եւ վերադառնալով Պէյրութ՝ ուսումը շարունակած է Հայկազեան քոլէճին մէջ (այժմ՝ համալսարան):
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժամանակը անողոք է։ Ան կը սահի առանց նայելու ետին։ Իսկ մենք, մարդիկս, երբեմն կը մնանք անոր անցած հետքերը փնտռելով։ Այս փնտռտուքը յուսահատութիւն մը չէ, այլ փափաք մըն է՝ վերապրելու այն անմեղ, զուլալ օրերը, որոնք այլեւս չեն վերադառնար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կահ-կարասի ծախող խանութի մը ցուցափեղկին վրայ կը տեսնուէր հետեւեալ հետաքրքրական եւ սակայն գունաթափ ծանուցումը. «Վաղը խանութին ապրանքները ձրի պիտի բաշխենք»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն սերունդ իր կարգին բարձրաձայնած է մամուլի ունեցած դժուարութիւններն ու իր ձեւերով փորձած է մեր ժողովուրդին ցոյց տալ, որ մամուլը դէպի անդունդ կ՚առաջնորդուի։ Այդ կոչերէն քանի՞ն իրապէս լուրջ ձեւով ընկալուած ու մտահոգութեան նիւթ դարձած է՝ չենք գիտեր:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գնալը կղզիի մէջ հիւրընկալեց ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Սերքան Փոլատն ու ընկերակիցները։
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ իր անցեալի հսկաները մեծարել՝ անոնց յիշատակին կազմակերպուած զանազան մրցաշարքերով եւ այլ նախագծերով։
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ յիշատակին այն առասպելներուն, որոնք իր գործունէութեան ամբողջին մէջ պատմականօրէն հետք մը թողած են։ Այս տարի եւս, ակումբի նախաձեռնութեամբ, Գնալըի մէջ կազմակերպուեցաւ պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ծերակուտական Քրիս Ֆան Հոլըն նախընթաց օր տեսակցեցաւ Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Ան լսեց Սուրբ Երկրի քրիստոնէական համայնքներու առկայ խնդիրները, որոնք միջազգային բեմահարթակի վրայ լուրջ ուշադրութեան կ՚արժանանան։
Հայաստանի բարձր թեքնոլոժիներու եւ արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան յայտնեց, որ ուսանողութիւնը երկրի նորարարութեան առաջամարտիկն է՝ ներկայանալով որպէս մեծ ուժ եւ առանձնայատուկ համայնք։
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իթամար Պեն-Կվիր վերջին օրերուն այցելեց Թիֆլիզ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի եւ ներքին գործոց նախարար Կելա Կելածէի հետ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին հիման վրայ, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ստորագրեց հրամանագիր մը, որով երկիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ունեցաւ նոր դեսպան մը։
Թուրքիոյ կողմէ լուրջ նախաձեռնութիւն՝ Միջերկրականի արեւելքին ազդեցութեան ամրապնդման համար:
Լիպիոյ մէջ Թուրքիա համաձայնութեան կը հասնի Հաֆթերի հետ, ինչ որ մտահոգութիւն կըը պատճառէ Յունաստանին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երեկոյեան Հանրային հեռուստատեսութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին նշեց, թէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը այլեւս իրողութիւն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ. Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներ առաջ էր, երբ հայրենակից Անդրանիկին հետ Լոռիի շրջանէն Երեւան կը վերադառնայինք: Սեպտեմբերի վերջերն էր: Լաւ կը յիշեմ: Աշնանամուտ: Եռօրեայ այս շրջապտոյտս կարծես զիս առաւել կապած էր հայրենի հողիս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մերօրեայ «նորարական բարեփոխութիւն»ները նկատի չունիմ կարծրատիպեր քանդելու որակումը տալով Անոյշ Նշանեանին: Ո՛չ: Այսօրուան «բարեփոխութիւն»ները իրականութեան մէջ ա՛լ աւելի կը խորացնեն այն վէրքերը, զորս մեր (Հայաստանի) կրթական համակարգը կը կրէ երկա՜ր տարիներէ ի վեր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէ՞ս կարելի է անխռով՝ խաղաղ սիրտ մը ունենալ։
«Ապա Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն.- Թող չխռովին ձեր սիրտերը։ Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կրնանք անկեղծօրէն ըսել, որ Հայաստանի թէ՛ ներկայ եւ թէ անցեալ իշխանութիւնները յաջող դիւանագէտներ էին. դիւանագէտ ո՛չ թէ որովհետեւ երկիրը դիւանագիտական գետնի վրայ յառաջ տարին, այլ դիւանագէտ՝ որովհետեւ ունէին դիւանագէտ ըլլալու ամենէն կարեւոր յատկութիւնները՝ կեղծիքն ու սուտը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ներանձնական հաւատքի հաշուեկշիռը պայմա՛ն է վերանորոգուելու հոգեւոր կեանքի մէջ։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, անձնական հաւատաքննութիւնը նախապայմա՛նն է վերանորոգեալ հոգեւոր կեանքի, քանի որ հաւատքը հիմը կը կազմէ քրիստոսանուէր կեանքի շէնքին։