Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ խնամքը կը կաղայ՝ կալուածատիրոջ հարցի պարագային ծագած անորոշութեան հետեւանքով:
Առանց օրինական վաքըֆի մը պաշտօնական գոյութեան՝ սեփականութեան իրաւունքի մտահոգիչ պղտորութիւն յառաջացած է սրբավայրի պարագային:
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին յառաջ կը տանի պատրաստութիւններ՝ նոր քահանայապետի ընտրութեան համար։ Քոնքլաւը՝ պապընտիր ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ մայիսի 7-ին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս յայտարարեց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը մօտաւոր ապագային չ՚աւարտիր։ Ուաշինկթընէն այս յայտարարութիւնը հնչեց՝ Քիեւի հետ ընտիր մետաղներու շուրջ ստորագրուած համաձայնագրէն անմիջապէս վերջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ մասնակցեցաւ Իսրայէլի պետութեան հիմնադրութեան 77-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի աւարտական դասարանի սաները։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Յաջողութիւնը հայեցակարգ մըն է, որ կը քննարկուի մարդկութեան պատմութեան ընթացքին եւ կարելի է հանդիպիլ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս։ Իսկ ի՞նչ է յաջողութեան գաղտնիքը։ Արդեօք մեր ծինաբանական բանականութիւնը՞, խելքը՞, թէ ձեռնարկուած քայլերը, այլ խօսքով՝ մեր գործողութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այս տրուպ գրիչին հոգեւոր կեանքին մէջ եզակի տեղ մը կը գրաւէ Բերայի եկեղեցիներէն՝ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, քանի որ իր հոգեւոր ծառայութեան տարիներու գրեթէ կէսէն աւելին հոն անցուցած է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն ինն տարիներ առաջ՝ 2016 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տասնվեց ամեայ պատանի մը՝ Դանիէլ անունով կ՚որոշէ վերջ տալ իր կեանքին. նախքան ինքնասպանութիւնը երկտող մը կը գրէ եւ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ես կը յանձնուիմ... ուսուցիչները... բան մը չըրին. ես կ՚ուզէի փախչիլ:
Գատըգիւղցիներու խումբ մը վերջերս այցելեց Յունաստանի Ալեքսանտրոփոլի քաղաքը։ Թաղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները բաղկացուցին այս խումբին կորիզը։
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս կազմակերպեց՝ դպրոցի անմոռանալի ու բարեյիշատակ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանի յիշատակին ձօնուած աւանդական մարզական խաղերը, որոնք չորրորդն էին իրենց նմաններու շարքին
Այսու մեր համայնքի անդամներուն կը յայտնենք, թէ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ տրուած մկրտութեան վկայագրերու հետ վերջերս յառաջացած հարցի մասին անհրաժեշտ քայլերն առնուած, պատկան իշխանութեանց հետ կապ հաստատուած ու հարցը լուծուած է։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ուղեկից մասնագէտ Միւժտատ Աթաման նախընթաց օր ասուլիսի մը մասնակցեցաւ աշակերտներու ծնողներուն հետ։ Հաճելի զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս երեկոյթը, որ կազմակերպուած էր թաղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ։
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 13-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ Իսթանպուլին ձօնուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին հարիւր եւ աւելի տարիներու վաղեմութեամբ քաղաքիս լիսէները։ Անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը առիթ դարձաւ Կեդրոնականի երդիքին տակ բացառիկ ոգեւորութեան ստեղծման։
Ճազի միջազգային օրը Երեւանի մէջ նշուեցաւ բացառիկ ոգեւորութեամբ։ Մայրաքաղաքի սրտին վրայ հոծ թիւով երաժշտասէրներ համախմբուեցան բարձր տրամադրութեամբ։
Ուաշինկթըն-Քիեւ-Մոսկուա առանցքին վրայ նոր իրավիճակ՝ հակամարտութեան կասեցման սպասումով:
Ուքրայնա ԱՄՆ-ի տնտեսական հովանաւորութեան տակ մտաւ՝ հակառակ Ռուսաստանի հետ առկայ պատերազմին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. ուսումը, գիտութիւնը կրնա՞յ փոխել մարդուս նկարագիրը եւ բնաւորութիւնը։ Հարցումը կրկնենք տարբեր ձեւով. մտքի զարգացումը լոկ, կարո՞ղ է նաեւ ազնուացնել սիրտը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատերու համար տակաւին կը շարունակէ հարցական մնալ, թէ Յիսուս Քրիստոս իրապէ՞ս 40 օր ու գիշեր ծոմապահութեամբ անցուց, որովհետեւ գիտականօրէն կարելի է անօթի մնալ մօտաւորապէս 30-40 օր՝ սակայն մարդ առանց ջուրի եւ հացի՝ ընդամէնը 3-7 օր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ, Սարգիս Զէյթլեանէն:
* Հայրենադաւութեան ընդունակ են մարդկային յետին խլեակները միայն, բարոյապէս անվերականգնելի արարածները լոկ, ընկերային ամէն արժէքէ եւ արժանիքէ պարպուած մարդակերպները սոսկ:
Հայ թատրոնի նշանաւոր դերասանուհի Պայծառ Ֆասուլեաճեանի (Փափազեան) ծննդեան 180-ամեակը կը լրանայ այս տարի։ Դերասանուհի Ֆասուլեաճեան (ծնեալ՝ Փափազեան) հայ բեմի մէկ այլ նուիրեալի՝ Թովմաս Ֆասուլեաճեանի կինը եւ զուգընկերն էր։