Արխիւ
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ Շանհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Չինաստանի վարչապետ Լի Քիանի հետ։ Ան հրաւիրուած էր Չինաստանի Արտածման միջազգային տօնավաճառի բացման արարողութեան։
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի հետ։ Նախագահը դեսպանը հիւրընկալեց իր առանձնատան մէջ. զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը։
Անթալիայի «Ոսկէ նարինջ» շարժանկարի փառատօնի դատակազմի յատուկ մրցանակը:
Ռըզա Օյլում պարգեւատրուեցաւ՝ դարբին Երուանդ Տեմիրճիի մասին վաւերագրական գործով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Անգարա եւ Երեւան կ՚ընթանան ճիշդ ճանապարհով։ Իր խօսքով՝ 2021 թուականէն ի վեր կ՚ընթանայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մուհամմատ Ալի Աքպարը առանց ամչնալու լացաւ: Թերեւս երիտասարդ դառնալէ ետք առաջին անգամն էր, որ լացաւ: Եւ յանկարծ, վնասակար կարօտ մը զգաց ջուրի երկու տոպրակներուն, զորս իր ուսերուն վրայ կը շալկէր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երբ Բեթսայիդա գնաց, անոր առջեւ կոյր մը բերին եւ կ՚աղաչէին իրեն որ դպչի անոր։ Անիկա կոյրին ձեռքէն բռնելով գիւղէն դուրս հանեց եւ անոր աչքերուն թքնելով՝ ձեռքը անոր վրայ դրաւ եւ հարցուց անոր թէ՝ բան մը կը տեսնէ՞։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացը երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործարքի փուլին մէջ կը գտնուի։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան հերթական անգամ զօրակցութիւն յայտնեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու կողմէ որդեգրուած ահագնացող եկեղեցահալած պայմաններուն ներքեւ։
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու կողմէ եկեղեցւոյ թիրախաւորման արձագանգները սկսած են ընդլայնուիլ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ «Ազգային եկեղեցւոյ բարձրաստիճան անդամներու եւ անոր կողմնակիցներու բացայայտ հալածանքները՝ զայրացուցիչ, անհիմն ու քաղաքական մղումով հետապնդումներու միջոցաւ, ուղղուած են քննադատութիւնը ճնշելու եւ վերահսկողութիւն հաստատելու։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան)՝ արեւմտահայ գրողն ու մտաւորականը, իր բժշկական հմտութիւնը վերածեց գրական ստեղծագործութեան աղբիւրի։ Իբրեւ մարդամօտ բժիշկ, ան կարողացաւ հիւանդանոցին դռներէն ներս տեսնել ո՛չ միայն մարմնի ցաւը, այլեւ՝ հոգիին բարդ ու երբեմն անխօս տագնապները։
ԱՆՊԱ ՄՈՒՍԱ
Հայացուց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պարզ է, որ մեր զրոյցը երիտասարդութեան հետ, ըլլայ ընդհանուր թէ՛ անձնական՝ պէտք է, որ եկեղեցական ուղղութիւններ ալ ունենայ, այն հաւատքով ու համոզումով, թէ երիտասարդութիւնը Տէր Յիսուսի մարմինին՝ Եկեղեցւոյ մէկ մասնիկն է եւ թէ իւրաքանչիւր երիտասարդ կամ երիտասարդուհի պէտք է համոզուի իր անդամակցութեան այս Սուրբ Մարմինին, զոր մկրտութեամբ ստացած է եւ կ՚աճեցնէ զայն եկեղեցւոյ ամենօրեայ կեանքին միջոցով, ըլլայ եկեղեցւոյ՝ կառոյցին (շինութեան) մէջ, կամ ալ եկեղցւոյ՝ տան մէջ, կամ նոյնիսկ եկեղեցւոյ՝ սիրտին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ Աստուած վերջացուց ստեղծագործութիւնը, «շատ բարի է» ըսելով հռչակեց Իր ձեռքի գործին որակը։ Սակայն Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը լեցուն կը տեսնենք ո՛չ թէ միայն «չար»ով, այլ անարդարութեամբ եւ չարչարանքով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի շաբաթներ առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2025-ի իր էջին մէջ «Հարազատներու հանդիպում» խորագրին տակ գրեց մեր գրչեղբօր՝ Վարանդ Քորթմոսեանի եւ իմ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի երիցագոյն անդամներէն Տ. Մաշտոց Քհն. Գափաքճեանին կատարած այցելութեան մասին:
Սամաթիոյ Սահակեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հոգելոյս Արսէն Արզումանի յիշատակին ձօնուած մինի ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին շրջանին համայնքէն ներս արժանացաւ մարզասէրներու ուշադրութեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ իր երկրի կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը։
Թուրքիա զոհողութեան պատրաստ է Պաղեստինի համար, սակայն ամուր շրջանակ մը կ՚ակնկալէ:
Ըստ նախարար Հաքան Ֆիտանի՝ Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ խափանարարական յարձակումները, որոնք զոհեր կը խլեն:
Էսաեան վարժարանի թատերախումբը մասնակցեցաւ Պողազիչի համալսարանի սիրողական թատրոնի օրերուն։ Երէկ, համալսարանի «Տեմիր Տեմիրկիլ» թատերասրահին մէջ Էսաեանի թատերախումբը ներկայացուց՝ Արման Վարդանեանի հեղինակած խաղը՝ բեմադրութեամբ Եղիա Աքկիւնի։
Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի վրայ, ուր սարքուեցաւ հերթական սիրոյ սեղանը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ամենայն Սրբոց տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։