Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021

Մեր պետութեան կրած պարտութենէն եւ ազգային նուաստացումէն յետոյ «հաճելի» եւ «ոգեւորիչ» բաներու մասին խօսիլը կը նշանակէ դաս չքաղել կատարուածէն եւ երթալ ապագայ պարտութիւններու ճանապարհով։ Նախ եւ առաջ, պէտք է ընդունիլ, որ այն, ինչ տեղի ունեցած է՝ պարտութիւն էր եւ նուաստացում, ինչ որ մեր այսօրուան իշխանութիւնը չ՚ընդունիր, որովհետեւ, եթէ ընդունի, հարց կը ծագի՝ այդ պարագային ինչու տակաւին նստած էք ձեր աթոռներուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջերս յայտարարեց նոր նախաձեռնութեան մը մասին, որ կը վերաբերի Արցախի ձօնուած նիւթերով հետազօտութիւններու պարագային դրամաշնորհներու յատկացման։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ ախտաճանաչուած քորոնաժահրէն վերջ իրեն համար կատարուած դարմանումը տուած է դրական արդիւնք։ Նախկին նախագահի գրասենեակը երէկ տեղեկացուց, որ Սերժ Սարգսեանի վերջին քննութեան արդիւնքը եղած է բացասական։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ շրջանին պատրաստութիւններ կրնան սկսիլ նոր սահմանադրութեան մը մշակման համար։
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի ներկայ ամսուան առաջին ժողովը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան «Ձմեռ 2021» զօրավարժութիւններուն սկսան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ:
Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

Աղտամի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ ռազմական խարիսխը:
Ալիեւ շաբաթավերջին զրոյցներ ունեցաւ Էրտողանի եւ Փութինի հետ: Կարսի զօրավարժութիւնները սկիզբ կ՚առնեն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն հանդիպումը՝ Մոսկուայի մէջ:
Ստեղծուեցան մասնագիտական զանազան խումբեր, որոնց առաջին ժողովները տեղի պիտի ունենան մինչեւ շաբաթավերջ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ Թեմական խորհուրդի ժողով, որ կազմակերպուած էր հեռավար ձեւաչափով։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի գլխաւորութեամբ առցանց քննարկումներուն մասնակցեցան թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները, ծխական խորհուրդներու ատենապետները եւ դիտորդները, տեղական ծուխերու ներկայացուցիչներ եւ այլք։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիսի եւ Ս. Մարտիրոսի տօնակատարութիւնը։ Սոյն տօնական մթնոլորտը առիթ հանդիսացաւ, որ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարերարներէն՝ Սարգիս Թաշճեան եւ Թաշճեան ընտանիքի բոլոր անդամները յիշատակուին Գնալը կղզիի մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Ահաւասիկ մեր գրականութեան ամենէն ինքնատիպ ու միաժամանակ ամենէն արտասովոր դէմքերէն՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանէն (1851-1908) նամակ մը՝ գրուած 1869-ին, Խասգիւղ, իր դասընկերոջ ու սրտակից բարեկամին՝ Մինաս Չերազին: Հոս Եղիա ընդամէնը տասնութ տարեկան է:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մտածելը կամ խորհրդածելը սահման չեն ունենար երբեք։ Ուստի չափազանցութիւն չէ ըսել, թէ մարդ մտածելով, երեւակայելով շատ աւելի հեռուներ կրնայ «սուզուիլ» իր մտքի «անհուն տարածութեան» մէջ, քան երթալ տիեզերքի անհաշուելի եւ աներեւակայելի հեռաւորութիւնները։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Պիտի հարցնէք, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ Կիլիկիոյ մեծանուն եւ գինական Գարեգին Ա. Հայրապետին կտակը ուղիղ 70 տարիներ առաջ: 1950 թուականի Գահիրէի իր ամառնային արձակուրդին, ուր Եգիպտոսի բուրգերուն ստորոտը գտնուող յայտնի հիւրանոցին մեծ հիւրն էր Հայրապետը, երկու եգիպտահայ ուսանողներս Նուպար Քիւփէլեանն ու ես գացեր էինք իր Աջն առնելու ու օրհնութիւնը ստանալու:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ 

Լիբանանահայ քաղաքական գործիչ, երկրի զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ կ՚անդամակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ), վերջերս այցելեց Երեւան, ուր առիթն ունեցանք տեսակցելու իրեն հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ճշմարտութիւնը խօսիլ դիւրին չէ ժամանակի մը մէջ, ո՛ւր ճշմարտութիւնը կը նշանակէ ստախօսներու կողմէ՝ թշնամութի՛ւն։ Արդարեւ, Քրիստոսի Ճշմարտախօսութեան վարձատրութիւնը եղաւ մա՛հ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

Երեւանի Կոմիտասի թանգարանի երդիքին տակ բացուած է յայտնի նկարիչ Արա Յարութիւնեանի գործերու ցուցահանդէսը։ «Կոմիտասէն Կոմիտաս» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ քանդակագործ-նկարիչ Արա Յարութիւնեանի Մեծ Վարդապետին նուիրուած ստեղծագործութիւնները։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ շաբաթավերջին աւարտեց իր ձեռնարկած շուրջ միշաբաթեայ մեծ շրջագայութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին շփումներ ունեցաւ Նախիջեւանի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ Զարիֆի իրականացուցած ուղեւորութեան նպատակն էր համագործակցութեան նոր ձեւաչափերու հիմքեր դնել Կովկասէ ներս։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Հայաստանի Բանակի օրուան առթիւ, Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան եղբայրներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Էսաեան հարազատները ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեանի։ Հանդիպման ներկայ եղան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ եռեւեփը կը շարունակուի։ Ամիսներէ ի վեր երկիրը կը մաքառի՝ պատերազմի ծանր հետեւանքներէն ելք մը որոնելով։

Էջեր