Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021

Հայաստանի մէջ արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու ուղղեալ գործընթացը կը շարունակուի:
Խորհրդարանի երէկ գումարուած յատուկ ժողովի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը:

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021

Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գերակայ խնդիրն է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններու վերսկսումը։
Դեսպան Լաքոթ «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ՝ անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021

Փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները վաղը պիտի հիւրընկալուին Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին հրաւիրուած են նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Պետրոս Շիրինօղլու: Անգարայի մէջ համայնքային վաքըֆներու կալուածական իրաւունքներու հարցերը եւ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնն ալ հաւանաբար արժեւորուին ընթրիքի ընթացքին:

Երեքշաբթի, Մայիս 4, 2021

Ինչպէս ծանօթ է, յոյն եւ ասորի եկեղեցիները Ս. Յարութեան տաղաւարը կը տօնեն ըստ Հին տոմարի։ Յուլեան տոմարի Ս. Զատիկը այս տարի զուգադիպեցաւ մայիսի 2-ի կիրակիի։ Ըստ աւանդութեան՝ յոյն եկեղեցւոյ տաղաւարի արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայ եկեղեցին։

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021

Ցաւով տեղեկացանք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի արուեստագիտուհի Նորա Ազատեան, որ ծանօթ հասարակական գործիչ Երուանդ Ազատեանի կողակիցն է։ Տիթրոյթի մէջ Նորա Ազատեան 29 ապրիլի երեկոյեան հեռացած է կեանքէն՝ խոր ցաւ պատճառելով իր սիրելիներուն։

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները պէտք է անհրաժեշտ արձագանգի արժանանան, որպէսզի կանխուին եւ յառաջ չերթան՝ մարդու իրաւանց տեսակէտէ աւելի ծանր հետեւանքներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երկար ժամանակէ ի վեր գերեվարուած է քաոսի մը կողմէ, որ կ՚ահագնանայ ու կ՚ահագնանայ անվերջ։ Համայնքէն ներս հերթական փոթորիկը ծագած է. զարմանալի՞։ Սա անյաղթահարելի փակուղիի մը երկար պատմութիւնն է, որ կը զուգորդուի պառակտումներով։

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիա եւ ԱՄՆ տասնամեակներ շարունակ կայուն յարաբերութիւններ յառաջ տարած են՝ որպէս ռազմավարական դաշնակից։ Անոնց յարաբերութիւններուն բնոյթը շատ ատեն համագործակցութիւնը կանխատեսելի հունի մը մէջ պահած է կարմիր գիծերու նկատմամբ երաշխաւորուած յարգանքով հանդերձ։

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021

Կիլիկեան Աթոռի գահակալին եւ մարոնիտներու պատրիարքին միջեւ հանդիպում:
Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ Վատիկանին ներկայացուած առաջարկը միշտ օրակարգի վրայ:

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021

ՄԱՔՍԻՄ ԿՈՐՔԻ
Թրգմ. ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՏԱՅԵԱՆ-ՄԱԿԱՐԵԱՆ

Անգամ մը աշնան պատահեցաւ, որ շատ անհաճոյ եւ անպատեհ դիրքի մը մատնուիմ, հազիւ թէ քաղաք ոտք կոխած էի, տեսայ, թէ տասնոց մը իսկ չկար գրպանիս մէջ պանդոկ մը գիշերելու համար։
Հագուստներս մաս առ մաս ծախելէ վերջ, առանց որոնց կարելի կ՚ըլլար կեանքը դարձեալ շարունակել, եկայ թաղամաս մը, ուր ամբողջ նաւարկութեան եղանակին կը փրփրէր աղմկարար եւ աշխատասէր կեանքով մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիահայ վերլուծաբան Սարգիս Պուռունսուզեանի հետ ունեցանք հեռավար զրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Յոյժ զարմանալի է, որ մենք՝ գիր ու գրականութեան մարդիկս, բոլորովին կ՚անգիտանանք, թէ այսօր ստեղծագործող գրողներէն ո՛վ որու մասին ինչ կարծիք ունի: Անշուշտ բնական է, որ անոնք սա կամ նա առիթով ունեցած ըլլան բերանացի հպանցիկ ակնարկներ, որոնք, սակայն, փաստաթուղթի ոչ մէկ արժէք կամ վաւերականութիւն ունին, այնքան ատեն որ գրի առնուած ու տպուած չեն:

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մօտաւոր անցեալին՝ գրեթէ 10-15 տարի առաջ, ծնողներ իրենց երեխաները կը զգուշացնէին, ըսելով՝ «Առտուընէ ի վեր փողոցն ես, կը բաւէ, այլեւս տուն վերադաձի՛ր»։ Այսօր ամէն ինչ շրջուած է եւ ծնողներ կ՚ըսեն. «Ժամերով համակարգիչին դիմացն ես, տունէն դուրս եկուր, քիչ մը հովահարուէ՛, աշխարհ փոխուի»։

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.- մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել: Ըսեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք: Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու: Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, անկէ վախցէք» (Ղկ 12.4-5):

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սպիտակ տունէն 24 Ապրիլին հրապարակուած պատգամը Թուրքիա-ԱՄՆ առանցքին վրայ տագնապալի կացութիւն մը յառաջացուցած է՝ կարմիր գիծի մը խախտումին պատճառով։ Իւրաքանչիւր երկիր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ունի կամ կ՚ունենայ կարմիր գիծեր։

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021

Արցախի պատերազմի եւ համաճարակի հետեւանքներով յառաջացած տագնապի յաղթահարման ջանքեր: ՀԲԸՄ առցանց գագաթաժողով մը կազմակերպեց՝ հայաշխարհի կարիքներու դիմագրաւման որոնումներուն շուրջ:

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021

«The Economist». «Անգարա եւ Պաքու Երեւանէն կը պահանջեն համակերպիլ պարտութեան հետ»: Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Ատրպէյճան կողմնակից է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու:

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ճիշդ խօսք է, որ սփիւռքահայութեան համար ամենակարեւորը եւ կիզակէտայինը՝ երկիր Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնն է։ Նոր մօտեցում մը չէ այս շեշտադրումը, ոչ ալ գեղեցիկ շարադրութեան մը հատուածը, որուն տարբերակները մե՜ծ շռայլութեամբ կը թափին մեր գլխուն՝ մասնաւորապէս այս օրերուն:

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Վստահաբար քորոնաժահրի համավարակը պիտի աւարտի եւ քաղաքներ, մարդիկ, գիտութիւնը, արուեստը, մշակոյթը ընդհանրապէս, մարմնամարզը պիտի փորձեն բնականոն հունի վերադառնալ: Հարցումը, սակայն, կը մնայ այն, որ այդ «բնականոն հունը» նո՞յնը պիտի մնայ, թէ՞… Այս հարցումին պատասխանած են խումբ մը մասնագէտներ, որոնց կարծիքները հրապարակած է «Կարտիըն» թերթի կայքէջը:

Էջեր