Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի Այնճար հայկական նշանաւոր գիւղի հիմնադրութիւնը. 85 տարիներու յետադարձ հայեացք:
«Տուներու շինութիւնը սկսաւ 1940 թուականին. իւրաքանչիւր ընտանիքի համար միայն մէկ սենեակ նախատեսուած էր»:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պարեկային ծառայութիւն. մարէ՛ շարժիչը, ինչո՞ւ կը գերազանցես օրինական արագութիւնը:
Վարորդ. իրադարձութիւններուն հետեւելու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ աղօթք կ՚ընէր եւ կ՚ըսէր.- Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս։ Եւ ծունկի վրայ գալով բարձրաձայն աղաղակեց.- Տէ՛ր, այս մեղքը մի սեպեր անոնց։ Այս ըսելով ննջեց։ Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն». (ԳՈՐԾՔ. Է 58-59)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եւ ո՞վ պիտի ուզէր միթէ մերժել հայու այդ թրքախօս զաւակները…
Մի քանի օրեր առաջ ատելութեան թիրախ դարձան մի քանի հայորդիներ, որոնք համարձակութիւնը ունեցած էին թրքերէնով պատասխանել «CNN Türk» լրատուականին Հալէպի մէջ տուած մի քանի հարցերուն՝ կապուած Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ խօսքերը. «Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիր եւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար, վասնզի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ “հո՛ս, վեր ելիր”, քան թէ վար իջեցնեն քեզ իշխանին առջեւ» (Առ 25.6-7):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը». (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Երբ յաճախ կը կարդանք Սուրբ Գիրք «Առաքեալներու Գործեր» գիրքին մէջ կը հանդիպինք վերոյիշեալ համարին։ Այս համարը մեզի կը յիշեցնէ Ս. Ծնունդի առիթով ուրախացնել շուրջինները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ որոշ որոշումներ կայացնելէ ետք կ՚ունենան այն համոզումն ու տպաւորութիւնը, որ կեանքը (եւ գուցէ ճակատագիրը) դիտմամբ ամէն բան հակառակ կը դարձնէ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի այդ որոշումը իրականութեան չհասնի: Այս մէկը հոգեբանական վախ մըն է, որ յառաջ կու գայ ձախողելու մարդկային տկար մտածողութենէն, որովհետեւ մարդ դրական ազդակներուն վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, իր կեդրոնացումը կը դնէ ժխտականներուն վրայ, որովհետեւ լաւին համար մտահոգուելու կարիք չունի, սակայն բացասականը կը մտահոգէ:
Թոփգաբուի ընտանիքը Ամանորի ընդառաջ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններու շուրջ։ Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչները ուրախութիւնը ունեցան նոր շրջանի մը սեմին իրարու հետ մէկտեղուելու եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելու։
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատենական կազմին համար։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ խմբավար Հրանդ Չիզմէճեան այս փուլին երգչախումբի տղոց նկատմամբ ցուցաբերեցին ջերմ վերաբերմունք։
CELTA-ի մասնագէտներէն Ճենի Միլըրի մասնակցութեամբ, շաբաթավերջին Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատաժողով մը։ Դպրոցի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ համախմբեց համայնքային բոլոր վարժարաններէն անգլերէնի եւ հայերէնի խումբ մը ուսուցիչներ։
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները կամ պայմանականօրէն ըսելով՝ 2024 թուականի «Սուրիական խմորը» դեռ կը սպասէ իր ժրաջան հետազօտողին, որպէսզի թեմային առընչուող նիւթը ամբողջացնէ, իր տրամաբանական աւարտին հասցնէ եւ բոլոր հանգամանքները յստակացնէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական գրառումով մը՝ Արցախի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ Այս գրառումը, միեւնոյն ժամանակ, երկրի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս հրահրեց հերթական բանավէճը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղեծիրը կը վերարժեւորուի վարկածներու լոյսին տակ:
Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ենթադրութիւններու համար նկատի կ՚առնուին նաեւ շարք մը դաւանական գործօններ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, երէկ երեկոյեան, Ս. Ստեփանոսի տօնի նախատօնակը կատարուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յայտնի է, որ հայ երաժշտագիտութեան երախտաւորը, հայ երգի անմահ մարտիկը՝ Կոմիտաս, շրջան մը բնակած եւ գործած է Պոլիս: Ընդհանրապէս, Կոմիտասի գիտակցական եւ ստեղծագործական կեանքի վերջին հինգ տարիները հիմնականօրէն կապուած են պոլսական իրականութեան հետ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Կը խորհիմ, ուրեմն գոյութիւն ունիմ»: Այս խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։ Եթէ կը մոռնաք դուք ձեզ եւ կը մտածէք, որ տեսանելիութիւնն ու ներառականութիւնը գոյութիւն կը նշանակեն եւ կը շարունակէք ձեր կեանքը, ապա դուք ի՞նչ էք՝ եթէ ոչ պատկեր մը միայն։
Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, որոնք այս շրջանին կը պայմանաւորեն ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի ընթացքը։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ արդէն բարձր մակարդակի շփումներ տեղի կ՚ունենան։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ամանորեան տօնավաճառ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան՝ համախմբելով համայնքային շրջանակները։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքը կը սգայ կորուստը Սիւզան Հատտէճեանի, որ վերջին շրջանին յառաջացած տարիքի մէջ կը տառապէր առողջական խնդիրներէ։ Սիւզան Հատտէճեան մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն էր, կողակիցը՝ «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի։