Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը յիշենք եւ կը կրկնենք Յիսուսի խօսքը, թէ՝ «…աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք…». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Այս պատճառով, աշխարհ միշտ նեղութեան մէջ է եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ։ Ամէն մարդ, թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքաբար կը ջանայ կարօտեալները եւ չքաւորեալները հոգալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ իրապէս վստահ չըլլայի, որ այս տողերը գրուած են Ճպրան Խալիլ Ճպրանի կողմէ, ապա պիտի կարծէի, թէ հեղինակը գրած է ժամանակակից Հայաստանի իշխանութիւններու ընթացքը աչքի առջեւ ունենալով, որովհետեւ այս տողերը մեր օրերուն այնքա՛ն ժամանակակից են, որ մարդ ակամայ շփոթի կը մատնուի:
Պատրիարքական Աթոռը Մեծ պահոց նուիրական շրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ գաւառի հայութիւնը։ Վերջին օրերուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պատիրարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան այցելեցին Տիարպաքըր, ուր իրենց միացաւ նաեւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ խորհրդանշական ու յուզումնախառն առիթով մը։ Այսպէս, «Մարալ»ի բարեյիշատակ հիմնադիր ողբացեալ Պենոն Գուզուպաշ ոգեկոչուեցաւ մահուան 40-րդ տարելիցին առթիւ։
Երէկ, Մեծ պահքի Գալստեան կիրակիին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արարողութիւններուն նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքը շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններով յիշատակուեցաւ քաղաքիս մէջ՝ համախմբելով հոծ թիւով հաւատացեալներ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամէն տարի 7 ապրիլին, Հայ Առաքեալական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինին Աւետումի տօնը, այսինքն՝ այն յիշատակը, երբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը երեւցաւ Սուրբ Կոյսին ու անոր տուաւ աւետիսը՝ աշխարհի Փրկիչը ծնելուն եւ Անոր Մայրը դառնալուն:
«Doing Digital Forum 2025»ի քննարկումներ Երեւանի մէջ. «Ապագայի փողը, տնտեսական ազդեցութիւնները»:
Նոր իրականութեան արժեւորում՝ միջազգային դէմքերու, պետական պաշտօնատարներու եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ:
Գլխաւոր ընդդիմադիր քաղաքական ուժը վերահաստատեց վստահութիւնը կուսակցապետին նկատմամբ:
Պետական աւագանին բուռն ձեւով հակազդեց ՃՀՓ-ի համագումարին հնչած՝ հերձատիրութեան որակումներուն:
Պոլուի ՃՀՓ-ական քաղաքապետ Թանժու Էօզճան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ աղմկայարոյց գրառումով մը հանդէս եկաւ։ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալանի ուղղեալ գրառման մէջ ան նշած էր հետեւեալը. «Երանի հայ հայրդ երկու երկվայրկեան աւելի կանուխ վարուած ըլլար եւ բնաւ ծնած չըլլայիր, դաւաճան»։
Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա-Պուլկարիա առանցքին վրայ տարանցման նոր նախաձեռնութիւն:
Դէպի Եւրոպա ուժանիւթ մատակարարելու ուղղեալ քայլերով կը ձեւաւորուին ռազմավարական այլընտրանքներ:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս մասնակցեցաւ «Ֆոքոլարի» շարժման կողմէ պատրաստուած միջեկեղեցական համաժողովի մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Ով ինչ բան որ կը սիրէ, ատոր մասին կ՚ուզէ խօսիլ, ինչը ետքէն ալ սովորութիւն կը դառնայ»
Այսօրուան մարդը մնայուն վազքի մէջ է: Անոր կեանքը վերածուած է անդադրում ընթացքի մը՝ ուսումի, աշխատանքի, նոր յայտնաբերումներու, հանգիստի, պտոյտի եւ այլն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ութսունական եւ իննսունական թուականները նշանաւոր են զանազան ժանրերու մէջ արեւմտեան երգերու վերելքով. օրինակ՝ փոփ (ժողովրդայինը), ռաք եւ այլն, որոնք գլուխ գործոցներ ունեցան: Այդ երկու տասնամեակները արտադրեցին հիանալի երգիչներ ու խումբեր, որոնք տուին մեծ գործեր՝ հարստացնելով ո՛չ միայն արեւմտեան երաժշտութիւնը, այլ միջազգայինն ալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի վերջին յօդուածը կարդալով՝ սփիւռքի առկայ մարտահրաւէրներուն մասին:
Շարունակականութիւնը կ՚ապահովէ երիտասարդութիւնը, որ կը բերէ վաղուան ձայնը, վաղուան ռիթմը եւ վաղուան տեսլականը:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նախորդող երկու շաբաթ օրերու գրութիւններով ներկայացուցինք երանաշնորհ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայցուցինք փունջ մը իր մտածումներէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատացեալին համար յստակ է, որ Քրիստոս փրկի՛չ է, բայց Ան ճշմարտապէս Տէ՞ր է։ Եթէ Ան «Տէր» չըլլայ, ապա ուրեմն Ան փրկիչ չէ։ Բանականութեան բնական հետեւանքն է ասիկա։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արաբ բանաստեղծին երկրորդ «վա՜յ»ը ամբողջութեամբ հայկական է. «վա՜յ»՝ որ դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը չկրցաւ հասկնալ ու սորվիլ.
«Վա՜յ այն ազգին, որ կը հագնի ա՛յն ինչ որ ինք չէ հիւսած, եւ կ՚ուտէ ա՛յն ինչ որ ինք չէ ցանած եւ կը խմէ ա՛յն ինչ որ ինք չէ քամած»:
Երեւանի Օփերայի բեմին վրայ վերջերս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ու եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Ռոստամ եւ Սոհապ» օփերայի անդրանիկ ցուցադրութիւնը գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով, երէկ, Պարոյր Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ։ Ան այս պաշտօնին մէջ պիտի յաջորդէ Մհեր Մարգարեանին, որ 2018 թուականի օգոստոսի 13-էն ի վեր կը կատարէր այդ պաշտօնը։