Արխիւ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական զինեալ ուժերու հոգեւոր սպասաւորներէն Յովհաննէս Սարկաւագ Գալստեանը, որ Օգոստոսի 11-ին գլուխէն վիրաւորուած էր սահմանին վրայ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս մարմնական - տկար աչքը առաքինութիւնը տեսնել կը կարծէ, բայց միա՛յն՝ կեղծ ու կարծեցեալ առաքինութիւնը։ Մարդ երբ ինքն իրմով հպարտ է, այդ կը նշանակէ, որ ինքզինք լաւ կամ բարձր վիճակի մէջ կը զգայ։
Եգիպտացի միլիառատէր Նակիպ Սավիրիս դիմած Է Իտալիոյ եւ Յունաստանի իշխանութիւններուն այն առաջարկով, թէ կ՚ուզէ անոնցմէ գնել կղզի մը, որպէսզի զայն յատկացնէ փախստականներուն։
«Պոքօ Հարամ» զինեալներու կատարած բռնութիւններու պատճառով Նիժերիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանէն շուրջ 2 միլիոն հոգի հարկադրուած է լքել իրենց տուները: «Արմէնփրէս»ի համաձայն, այս մասին յայտարարած են Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութենէն։
Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսի գրադարանի հայկական բաժնի ղեկավար Լեւոն Աւտոյեան կը ներկայացնէ հայ գրքարուեստի աւանդոյթները գրադարանի փառատօնի ընթացքին: «Արմէնփրէս» կը տեղեկանցնէ վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսի գրադարանի պաշտօնական կայքէջը, Աւտոյեան «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ» խորագրով դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային վարչութիւնը կը յայտարարէ, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային վարժարանները, համաձայն կրթութեան նախարարութեան համապատասխան որոշումներուն, 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին պիտի սկսին Սեպտեմբերի 15-ին:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը կը միանայ անուանի արուեստագէտ ու Պեռնի մօտ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուրի այն կոչին, որ կը վերաբերէր Եւրոպա ժամանող գաղթականները Ֆրանսայի հեռաւոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ ընդունելու։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 24 Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Համահայկական մշակութային փառատօնի բացումը։ Փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբերի 27-ը եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2-3 Սեպտեմբեր թուականներուն միջեւ Յունաստանի մայրաքաղաքը՝ Աթէնքի մէջ մասնակցեցաւ «Քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութիւնը Միջին Արեւելքէ ներս» խորագրեալ համագումարի բացման նիստին։ Այս առթիւ ան արտասանեց նաեւ իր խօսքը։
Երէկ, Արփինէ Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ Հայաստանի արդարադատութեան նախարար։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այս նշանակումը կատարեց երկրի Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի չորրորդ կէտի տրամադրութիւններուն հիման վրայ։
«Եւրօ 2016»ի որակաւորման փուլի շըր-ջագծով, երէկ երեկոյեան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հակառակորդ մարզադաշտի վրայ հանդիպում մը ունեցաւ Սերպիոյ հետ։ Արտագնայ խաղի արդիւնքին հայկական ընտրանին 2-0 զիջեց իր մրցակցին։
Արցախի ճակատին վրայ վերջին օրերուն սաստկացած է լարուածութիւնը։ Օգոստոսի 31-էն ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը թափով կը խախտեն հրադադարը։ Հայկական պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երեք զոհ ունեցած են վերջին դէպքերուն հետեւանքով։ Ատրպէյճանի կորուստներուն թիւն ալ հասած է շուրջ եօթ կամ ութի։
Հայազգի կրոսմասթըր Լեւոն Արոնեան Սենթ Լուիզի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ աւարտած ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»ի միջազգային մրցաշարքին սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Վեսելին Թոփալովի (Պուլկարիա) հետ, տիրացաւ մրցաշարքին տիտղոսին:
Մարտինի Տարկեչիթ գաւառակէն երէկ հասաւ չորս ոստիկաններու նահատակութեան դժբախտ լուրը։ ՓՔՔ կազմակերպութեան կատարած ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով նահատակուեցան ապահովութեան տեսուչ Իպրահիմ Հալիլ Աքսօյ, ոստիկաններ Ահմէտ Աքալըն, Հիւսէյին Պալթա եւ Աքիֆ Հաթունօղլու։ Մարտինի կուսա
Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Վահագն Յովնանեանի յուղարկաւորութեան:
Յայտնի բարերարին նկատմամբ վերջին յարգանքը մատոյց նաեւ Սերժ Սարգսեան:
Սիլվինա Տէր-Մկրտիչեանի համակարգմամբ եզակի ձեռնարկ մը՝ Tütün Deposu-ի մէջ:
Սահմաններէն եւ լեզուէն անդին պատկանելիութեան նոր աշխարհագրութիւններ՝ արուեստագէտներու աչքով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 3:
Հայկական արժէքներու հրապոյրը ուղիղ համեմատութեան մէջ է համամարդկային մշակոյթին հետ ունեցած ներդաշնակութեամբ, իսկ յայտնի անունները կը բազմապատկեն հետաքրքրութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կը մասնակցի իմաստութեան եւ բարութեան Արարչին, որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը, ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։
Պերլինի մէջ Սեպտեմբեր 5-ին տեղի պիտի ունենայ գերմանական «Հայնրիխ Պէօլ» հիմնարկի կազմակերպած «Անցեալի ներկան. 1915-ի հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի անց» խորագրով խորհրդաժողովը։
1915-ի իրադարձութիւններէն հարիւր տարի անց պատմական դէպքերը պաստառ կը բարձրանան երկու մանուկներու հայեացքով՝ «Կորուսեալ թռչուններ» շարժապատկերի միջոցով։