Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հինգշաբթի, 20 յունիս 2024-ի թերթիս մէջ լոյս տեսաւ թերթի աւագ գրիչներէն՝ Յարգարժան Գէորգ Պետիկեանի «Նամակն ու պատասխանը» գրութիւնը: Տրուած պատասխաններուն լիովին համամիտ ըլլալով, ուզեցի, աւելի ճիշդ համարձակութիւն ձեռք ձգեցի այս գրութեամբ պատասխանել աւագ գրչեղբօրս հարցումներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ծարաւ, բայց նաեւ՝ անօթի մարդու մը մասին պատմութիւնը մեր մեծերէն Ռուբէն Սեւակ գրած է իր արձակ էջերուն մէջ: Տարօրինակ պատմութիւն մըն է՝ պոլսահայ մարդու մը կեանքէն, որուն ան հանդիպած է իբրեւ բժիշկ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ միշտ կարօտը եւ պահանջքը ունի ապաւինելու եւ վստահելու մէկու մը՝ որ ինքզինք ապահով եւ անվտանգ զգայ։ Եւ մարդուն ամենավստահելի ապաւէնն է իր Արարիչը՝ Աստուած, քանի որ Ան է նաեւ Նախախնամը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարերու ընթացքին իր գոյութիւնը պահել յաջողած հայը հաւատաց, որ իր հայկական ինքնութեան էութիւնը երկու անբաժանելի արժէքներու՝ կրօնի եւ ազգասիրութեան միաձուլումն է: Երկու արժէքներ, որոնք միաձուլուած են «հայ» անուան տակ, կազմելով ազգային դիմագիծ մը:
Էրտողան-Փաշինեան հեռախօսազրոյցէն վերջ երէկ կապ հաստատեցին արտաքին գործոց նախարարները:
Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան քննարկեցին Անգարա-Երեւան շարունակական երկխօսութեան վերաբերեալ հարցեր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ինչքա՜ն պիտի ուզէի, որ այս տողերուն փոխարէն դէմդ դրուած ըլլար ճերմակ մաքուր էջ մը. չմրոտուած անծայրածիր պարապութիւն մը պարզապէս, որ չ՚երգեր ունայնութիւնը մարդոց յոյզերուն եւ սին վրդովմունքը կեանքի էութեան. այս թուղթերը զոհերն են մեր ապրումներուն ու խռովքներուն, մտածումներուն եւ գաղափարներուն. լուռ ունկնդիրներն ու հանդիսատեսները մեր քաոսային գոյութեան:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը համաձայն են, որ Փաշինեան պէտք է հեռանայ, ապա անոնք, ըստ ամենայնի, պէտք է համաձայն ըլլան նաեւ, թէ Հայաստանի մէջ չկայ քաղաքական գործիչ մը, որ երկիրը կրնայ աւելի վատ ղեկավարել, քան ներկայ վարչապետը:
«Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս»ի շուրջ կարծիքի փոխանակումներ:
Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի նոր գիրքը ուշադրութեան եւ գնահատանքի կ՚արժանանայ սփիւռքեան շրջանակներէն ներս:
Չայքովսքիի «Քնացած գեղեցկուհին» նշանաւոր պալէն վերջերս ներկայացուեցաւ Երեւանի Օփերային մէջ, ինչ որ մեծ վայելք մը դարձաւ գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ։ Սեն Փեթերսպուրկի «Եաքոպսոն» պետական ակադեմական թատրոնին կողմէ ներկայացուեցաւ «Քնացած գեղեցկուհին», Երեւանի Օփերայի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ։
Հայկական շարժանկարի աշխարհը արդէն հերթական անգամ կ՚ապրի «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային փառատօնի խանդավառութիւնը։ Այս տարի 21-րդ անգամ տեղի պիտի ունենայ «Ոսկէ ծիրան»ը, որու բացումը նախատեսուած է գանատահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի նոր ժապաւէնով, որ կը կոչուի «Եօթ գողը»։
Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդները երէկ հանդիպում մը ունեցան Մարոնիտ եկեղեցւոյ Պըքերքէյի կեդրոնին մէջ։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն ալ մասնակցեցաւ այս հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ՝ Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռայի Պատրիարքին հրաւէրով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Փասատենայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխի հաւատացեալները այս օրերուն ուխտագնացութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Հայաստան՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Պետրոսեանի։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթեան վարժարանին մէջ չորրորդ դասարանի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Նախակրթարանի շրջանաւարտները ջերմօրէն շրջապատուեցան Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն, իրենց ծնողներուն եւ հիւրերու կողմէ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Բոլորին մօտ ալ այսպէս կրնայ պատահիլ: Այնքան զարմանալի, նոյնքան իրական:
Այսպէս, առաւօտ մը երբ կ՚արթննաս ու կը կարծես որ սանկ դուն-քեզ «լաւ» չես զգար: Սովորականէն տարբեր:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այն օրէն երբ Իսրայէլը դէպի արաբները՝ իրենց աջակողմեան եւ ձախակողմեան համակարգերով ուղղեց իր առաջին թնդանօթը, առաջին համակարգիչը, առաջին անօդաչու թռչող սարքը, իսկ արաբները դէպի Իսրայէլ ուղղեցին առաջ յեղաշրջումը, առաջին բարձրախօսը եւ առաջին մարդը՝ առանց ծնօտի՝ որովհետեւ աջակողմեան է, եւ առանց կողերու՝ քանի որ ձախակողմեան է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որքա՜ն հետաքրքրական է թուղթին եւ գրիչին հանդիպումը եւ հանդիպումով գոյացած հրաշալի միութիւնը։ Թուղթը կարօտը ունի գրիչին, եւ գրիչն ալ՝ թուղթին, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս երկու հինաւուրց բարեկամի իրարու նկատմամբ կարօտը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ երեկոն, տարիներու հեռաւորութենէն ե՛ւ կարօտով, ե՛ւ լուսաւոր զգացումով կը յիշեմ: Որոշած էի ծննդավայրիս փողոցներով անցնիլ: Քալել: Միայն քալել:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Զրոյցներ» շարքի հերթական թողարկումը սփռուեցաւ: Նիւթը երաժշտական էր, բայց նաեւ՝ պատմական: Խորագիրը՝ «Արա Տինքճեանը՝ հայ-ամերիկեան նուագախմբային երաժշտութեան ոսկեդարի մասին»:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Զարգացած երկիրներու մէջ նոյնիսկ, հասարակական ու ժողովրդային ընդհանրացող միտում կայ քաղաքականութեան դաշտ չմտնելու ու քաղաքացիներուն համար ալ այն շատ ցանկալի ասպարէզներէն չի համարուիր: Քաղաքական կեանքը շատ բարդ է եւ ան ունի տեսանելի եւ անտեսանելի շատ մը երեսակներ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլայ արդարութեան եւ ողորմածութեան հետեւողին:
Պատասխան. Իմաստունը կը գրէ. «Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ» (Առ 21.21):