Արխիւ

Ուրբաթ, Յունուար 2, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ճէք Լանտընի «Ադամէն առաջ» (Before Adam) վէպը 20-րդ դարու սկիզբի ամերիկեան գրականութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ՝ իր գաղափարական խորութեամբ, գիտական հետաքրքրութեամբ եւ մարդաբանական երեւակայութեամբ։

Ուրբաթ, Յունուար 2, 2026

ԽՈՐԷՆ. ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ

Ծառ մը ըլլանք հաւատքի լոյսով
Յոյսի մշտադալար ճիւղերով
Սիրոյ անկողոպտելի զարդերով

Ուրբաթ, Յունուար 2, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կ՚ապրինք ծանօթներու եւ անծանօթներու, տեսանելիներու եւ անտեսանելիներու լայն շրջանակի մը մէջ՝ զոր սովորաբար «ընկերութիւն» կը կոչենք։ Այս իմաստով ընկերութիւնը հակադրութիւններու ամբողջութիւն մըն է։

Ուրբաթ, Յունուար 2, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի շաբաթ առաջ մահմետական հայր ու զաւկի կողմէ Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած արիւնարբու սպանութիւնը անգամ մը եւս աշխարհին դիմաց դրաւ այն հարցը, թէ կրօնական ինչպիսի ըմբռնումով մարդ կրնայ իր նմանը սպաննել՝ կարծելով, որ աստուածահաճոյ արարք կը կատարէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

Որդւոց Որոտման տօնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, համանուն տաճարին մէջ, յիշեալ տօնին օրը իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց նորաօծ Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

Երէկ կէսգիշերին, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն հայութեան ուղղեց Ամանորի իր պատգամը, զոր արեւմտահայերէնի փոխադրելով կը ներկայացնենք ստորեւ։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

Մխիթարեան վարժարանին մէջ տարեմուտի առթիւ կազմակերպուած հանդէսը բառին բուն իմաստով տօնախմբութեան մը վերածուեցաւ՝ բոլոր մասնակիցները համակելով բարձր տրամադրութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

Թոփգաբուի ընտանիքը 2026 թուականը դիմաւորեց աւանդական խանդավառութեամբ։ Դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու Ամանորի հանդէսին խանդավառութիւնը բնորոշեց ներկայ տարեմուտի տրամադրութիւնները։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորը դիմաւորուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ։ Նոր տարուայ հանդէսին առթիւ դպրոցի շէնքը զարդարուած էր ամբողջութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները այս տարի եւս աւանդական մթնոլորտի մէջ եւ բարձր տրամադրութեամբ համախմբուեցան Ամանորի առթիւ։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Կաղանդէն օրեր առաջ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ պոլսահայ մեծանուն գրող Զահրատէն նոր գիրք մը՝ «Կաղանդի տոպրակներ» խորագրով, ամբողջութեամբ կազմուած Կաղանդին նուիրուած բանաստեղծութիւններէն։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1 յունուար 2026:
Նոր տարուան առաջին օրն է:
Տարի մը եւս եկաւ աւելնալու մարդկութեան դարաւոր ընթացքին վրայ:
Ամէն կողմ տօնական մթնոլորտ է, ուրախութիւն, ցնծութիւն, նուէրներ, շնորհաւորանքներ, բարեմաղթանքներ:

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ամէն սկիզբ նոր յոյս մըն է, մարդիկ միշտ նորութիւն մը կը սպասեն, երբ սկիզբի մը վրայ կը գտնուին։ Իրականին՝ ամէն նոր օր սկիզբ մըն է, չէ՞ որ երբ ամէն օր կ՚աղօթենք՝ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ օրուան «հաց»ը տայ մեզի։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատերու համար գուցէ տարօրինակ թուի, սակայն, Յիսուս Քրիստոս Խաչի վրայ չմահացաւ. ուշաթափութիւն մը ունեցաւ եւ մարդիկ զինք մեռած կարծելով դրին գերեզման, ուրկէ դուրս գալով որոշեց, որ ժամանակն է Հնդկաստան երթալու եւ գնաց։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները ներկայ տարեմուտին փոփոխութեան ենթարկեցին բանտարկեալ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի կալանքի ձեւը։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

2026-ի տարեմուտը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ արդէն յատկանշական իրադարձութեան մը առիթ դարձած է։

Հինգշաբթի, Յունուար 1, 2026

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Համաձայն չինական լուսնային օրացոյցին, անոնց տարուան անունը կը կրկնուի ամէն 12 տարին անգամ մը, նոյն կենդանիին կամ անասունին անունով: Այլ խօսքով՝ չինական աստղագիտութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Դեկտեմբեր ամսուան էջատետրը աւարտին կը հասնի եւ արեւմտեան «Քրիսմըս»ի լոյսերուն ընդմէջէն կը շողան Ամանորեայ յոյզերն ու յոյսերը։ Էջատետրը անկ է աշխարհիկին, իսկ էջատետրի հոգին հոգեւորին, քանի ուղղակիօրէն աղերսուած է մարդկային կեանքի հետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ

Պոլսահայ վարժարաններուն մէջ, նախակրթարանէն սկսեալ՝ մինչեւ լիսէի աւարտական դասարան, հազարաւոր ժամեր հայերէն կը դասաւանդուի: Այսուհանդերձ, աշակերտներու մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս չի կրնար ինքզինք բաւարար մակարդակով արտայայտել բերանացի կամ գրաւոր։

Էջեր