Արխիւ
Ընտրական մարմինը յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ առաքելութիւնը աւարտելու կապակցութեամբ:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը ներկայացուած պաշտօնական վաւերացման:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Չինաստանի միջնորդութեամբ կայացած Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման որոշումը նոր շրջափուլի մեկնարկ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ: Եմէնի պատերազմի աւարտը կամ դադրեցումը, խորքին մէջ, այս համաձայնութեան ցուցանիշն էր:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, անցեալ կիրակի Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Վրաստանի նորանշանակ դեսպան Կիորկի Շարվաշիծէն։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին մաղթեց արդիւնաւէտ առաքելութիւն՝ ի նպաստ հայ եւ վրաց ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան առաւել զօրացման։
«Պէտք է ցոյց դնենք անկախ, ինքնիշխան պետութիւն ունենալու վերաբերեալ մեր կամքը։ Մեր անվտանգութիւնը կրնայ երաշխաւորել միայն խաղաղութիւնը»:
Փաշինեան. «Ատրպէյճան կը փորձէ ականներ դնել՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ։ Չեմ ստորագրեր բան մը, եթէ ապագային պիտի չկարողանամ նայիլ ձեր աչքերուն»:
«Եթէ երթան Պաքու, ետ կու գա՞ն, թէ ոչ։ Ո՞վ պիտի տայ այս հարցումին պատասխանը։ Այստեղ ալ երաշխիքի հարց կայ։ Չենք պատրաստուիր Ատրպէյճանին տալ էթնիք զտումներ իրականացնելու լիազօրութիւն»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 24-րդ օրն է:
Ժողովուրդը այս օրը կոչած է Միջինք կամ Միջնոց պահոց:
Եկեղեցական-ծիսական առումով այս օրը մասնաւոր կամ յատուկ տարբերութիւն մը չունի Մեծ պահքի միւս օրերէն:
Շիշլի մարզակումբը անցեալ շաբաթավերջին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպեց արագ ճատրակի մրցաշարք մը, որու հասոյթը կը տրամադրուի աղէտեալներուն։ Երկրաշարժին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Շիշլիի վարչութիւնը յանձնառութիւնով հանդէս եկած է՝ աղէտեալներուն զօրակցելու նպատակով։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ինչպէ՞ս սկսաւ ամէն բան.
Իմ անունը հայ է, մականունը՝ «եան»:
Մականունը կամ ազգանունը՝ անձի մը տոհմական անուանումն է: Զայն կը տրուի ծնելէ կամ ամուսնանալէ ետք եւ կը փոխանցուի ժառանգաբար:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սենեակին ընտրութիւնը: Օդը: Արեան մասին: Լոյսը, արեւը եւ անոնց նշանակութիւնը: Սենեակին օդը ինչէ՞ս կ՚աղտոտի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամենամեծ հաճոյքներէս մին է յաճախ թղթատել երէցկնոջս Աննիկ Գալփաքճեանի ճոխ գրադարանին գիրքերը եւ թղթածրարներու մէջ գտնուող զանազան գրութիւնները։ Ասիկա առիթ մըն է թէ՛ մտապէս զարգանալու, քանի որ մարդ միշտ եւ շարունակ պահանջքը ունի մտապէս զարգանալու, սորվելու եւ ինքզինք գերազանցելու, եւ թէ «ապրել»ու մեր սուրբ միութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յանկարծ տեսայ, թէ Սողոս կը մեկնի դէպի Դամասկոս՝ որպէսզի ինծի հաւատացողները բերէ Երուսաղէմ: Զայրացայ եւ այդ զայրոյթիս իբր հետեւանք երկիրնքը փայլատակեց. Սողոս գետին ինկաւ ու ալ լռութիւնս խզեցի. «Սաւուղ, Սաւուղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես» ըսի:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Դառնալով մեր մանկական առաջին շփումներուն Արեւմուտքին հետ կամ աւելի ճիշդը՝ այդ ժամանակի մեր ըմբռնումով Եւրոպային հետ։ Հայրս վաճառական էր եւ կը ճամբորդէր Շուէտ, ուրկէ շարժիչներ եւ մեծ ինքնաշաժներու կտորներ կը ներածէր Սուրիա:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Դաստիարակութեան մասին որեւէ մէկ բան ըսա՞ծ է Առակագիրը:
Պատասխան. Այո՛, ըսած է: Առակաց 13.24-ին մէջ կը կարդանք. «Գաւազանին խնայողը իր որդին կ՚ատէ, բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անձնական պիտի ըլլայ արտայայտութիւններս, բայց ապաւինելով իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս հանդուրժողութեան կ՚ուզեմ խօսիլ իմ անցեալ երկու տարուան կեանքիս մասին՝ ուր առիթը ունեցայ իմ հոգեւոր աչքով տեսնելէ աւելի՝ մարմնական աչքով ալ տեսնելու զԱստուած իր ամբողջ էութեամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հակառակ աւելի քան դար մը հնութեան, համաշխարհային գրականութեան տիտաններէն մին կը շարունակէ մնալ ռուս գրող Լ. Թոլսթոյ, որ առաւելաբար յայտնի է իր «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն», «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր մէջ է», «Աննա Քարենինա», «Պատանեկութիւն» եւ այլ գործերով, որոնք նկատուած են աշխարհի ամենէն շատ ընթերցուած գիրքերու ցանկերուն մէջ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերահաստատելու որոշումը նոր գործընթացներու միտումներ կը նախանշէ: Նախ անմիջապէս պէտք է անդրադառնալ, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է Փեքինի մէջ, ինչ որ Չինաստանի միջնորդութեան մասին կը խօսի:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անհանգիստ վիճակը, լարուածութիւնը եւ հրադադարի խախտումները անընդհատ կը շարունակուին։ Պաքու մէկ կողմէ կ՚արտայայտէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու պատրաստակամութիւն, իսկ միւս կողմէ չի հրաժարիր իր նախայարձակ քաղաքականութենէն։
Երեւան Լաչինի միջանցքի փակման կապակցութեամբ կ՚ակնկալէ Մոսկուայի կողմէ հասցէական արձագանգ:
Փաշինեան հեռախօսազրոյցի ընթացքին հերթական անգամ Փութինի նկատառման յանձնեց Արցախի մարդասիրական տագնապը:
Արամ Աբրահամեան. «Մենք պէտք է ըլլանք հաւաքական ուժ մը, տարբեր մտածելակերպով մարդոց խումբ»:
«Ապագայ հայկականը» համաժողովը նոր հորիզոններ բացաւ համահայկական շփումներու շուրջ որոնումներու առջեւ:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու հանդիպումը 15-16 մարտին տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Վաղուան բանակցութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման տեսակէտէ։