Արխիւ
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շաբաթավերջին պատարագեց եւ քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, Եիւնիըն Սիթիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին կը յաճախեն՝ ընդհանրապէս նախկին պոլսահայ հաւատացեալներ։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Արցախի պաշարման նկատմամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ առկայ իրավիճակը կը խոչընդոտէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի յառաջխաղացումը։
Եգիպտոս պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ չէզոք միջնորդի դեր ստանձնելու ուղղութեամբ:
Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի. «Միայն ռազմական ուժը երբեք բաւարար չէ եղած տեւական, համապարփակ եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար»:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը շաբաթավերջին խումբ մը ծայրայեղականներու յարձակման ենթարկուեցաւ:
Հայկական թաղամասի վերջին օրերու անհանգստութիւնը գագաթնակէտին հասաւ՝ Սուրբ Աթոռի թիրախաւորումով. դիւանապետին կողմէ լուսաբանութիւն:
Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ Վատիկանի մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքի փակման բերումով շրջափակուած Արցախէն ներս ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ կարճատեւ այցելութեամբ մեկնեցաւ Անգլիա։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ուղեկցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քարոզչական կեդրոնի եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապետիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Պէյօղլուի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական արարողութեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութիւնը երէկ կազմակերպեց փազըլի մրցոյթ մը։ Համաշխարհային փազըլի օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը՝ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցնող օրերուն ձեւաւորման (տիզայնի) աշխարհին մէջ մէկ անգամէն երկու իրադարձութիւն գրաւեց մարդոց ուշադրութիւնը. աշխարհի ամենանշանաւոր հանրախանութներէն մէկը՝ Հարոտզ առեւտուրի տունը՝ Լոնտոնի մէջ եւ նորաձեւութեան հսկաներէն Լուի Վիթոնի կեդրոնը՝ Փարիզի մէջ, պատուեցան ճաբոնցի հռչակաւոր նկարչուհի Եայոմի Քուսամայի հեղինակած կլոր-կլոր գունաւոր նախշերով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր յօդուածը՝ խորհրդածելով կեանքի իմաստին մասին։
Այն բաները, որոնք արժէքաւոր կը դարձնեն կեանքը մարդու համար, նոյնպէս այդ մարդու կեանքի իմաստը կը կազմեն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երբեմն գործածելու է «հաւատքի աչք»ի հեռադիտակը՝ հոգեւոր աչքը, տեսնելու երկնային գեղեցկութիւնը եւ բաղդատելու զայն երկրային հրապոյրներու հետ։
Այս առումով Առաքեալը կը թելադրէ. «Վերի բաները փնտռել» եւ «Վերի բաները մտածել», որպէսզի մեր երկրային կապերէն լման անջատուած ըլլանք եւ երկրի «գեղեցիկ բաները» աննշան դառնան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որքանո՞վ կարելի է վստահիլ Մովսէս Խորենացիի, Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բիւզանդի, Փարպեցիի, Սեբէոսի եւ այլ պատմիչներու արձանագրած պատմութեանց, որոնց մէջ անառարկելիօրէն գոյութիւն ունի անճշդութիւն եւ ստախօսութիւն:
Իրանէն շաբաթավերջին հասան՝ անօդաչու թռչող սարքերով կատարուած յարձակումի մը վերաբերեալ ուշագրաւ լուրեր։ Այսպէս, անօդաչուներով յարձակում մը կատարուած է Իրանի զինամթերքի գործարաններէն մէկուն վրայ՝ Սպահան քաղաքին մէջ, յունուարի 28-ի կէս գիշերին, ժամը՝ 23.30-ին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա Լաչինի միջանցքին մէջ իրավիճակը կարգաւորելու համար կը շարունակէ աշխոյժ ջանքեր գործադրել։
Մինչ Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի դէպի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը ուղարկել դիտորդական առաքելութիւն մը, Ռուսաստան երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց այս նախաձեռնութեան։ Մոսկուա-Պրիւքսել առանցքին վրայ այս նիւթը դարձած է բաւական խնդրայարոյց։
Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի երէկ ձեռնարկեց տարածաշրջանային այցելութեան մը՝ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Իր ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Պաքուն, ուր ան երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու համակրելի երաժիշտ Իլտա Սիմոնեանը, որուն կ՚ընկերանար մեր համայնքէն Նազար Պինաթլը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ երեկոյեան Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռաաի Պատրիարքը։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց հանդիպումը, որու ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները քննարկումներ ծաւալեցին Լիբանանի մէջ նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ վերադարձաւ Սուրբ Երուսաղէմէն։ Սա իր գահակալութեան շրջանի առաջին ուղեւորութիւնն էր՝ դէպի Սուրբ Երկիր։ Համայնքային շրջանակները ուրախութեամբ կ՚ողջունեն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր Աթոռ վերադարձը։