Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեծ հաճոյքով կը շարունակեմ կարդալ մեր մոռցուած՝ սակայն իմաստուն մտաւորականներէն Վահան Մալէզեանի յուշերը, որոնք յուշագրութեան մը կողքին օգտակար ու դաստիարակիչ ամէ՛ն բան կը պարունակեն իրենց մէջ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Խասգիւղի երբեմնի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չավուշեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքը։ Թէ՛ որպէս վարչային, թէ՛ որպէս արհեստաւոր եւ թէ որպէս բարերար ան տասնամեակներէ ի վեր կարեւոր ներդրում կը բերէ մեր հաւաքական կեանքին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022

Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփանակութեան իրաւունքին շուրջ Սահմանադրական ատեանը արձակեց պատմական վճիռ մը։ Այսպէս, բարձրագոյն դատարանը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ սեփականութեան իրաւունքի խախտում տեղի ունեցած է։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

​Ամանորի ընդառաջ վերջին օրերուն Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ զարդարուեցաւ Կաղանդի տօնածառը։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով՝ եկեղեցի այցելեցին թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի մատակարար մարմնի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Սպիտակ խումբի ներկայացուցիչները՝ Նաթալի Յովհաննէսեանը, Արսէն Գովանն ու Արտա Պաքլաճըօղլուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

«Աբրահամ 1882» պատմական հաստատութիւնը երէկ մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց իր հիմնադրութեան 140-ամեակը:
Ալէն Թեքպըչաք, հիմնադրի հարազատները եւ «Yüzyıllık Markalar» միութեան ներկայացուցիչները մէկտեղուեցան տարեդարձի առթիւ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

Արցախը կը շարունակէ մնալ շրջափակուած։ Ատրպէյճան փակած է Լաչինի միջանցքը, որ յետպատերազմեան շրջանին Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր։ Այսպէսով վաղ 90-ականներու ծանր կացութիւնը վերստին վերականգնուած է Արցախի տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

Իսթանպուլի կուսակալը երէկ երեկոյեան Չըրաղանի պալատին մէջ մօտալուտ Ամանորի առթիւ ընթրիք մը սարքեց ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդներուն, նաեւ դիւանագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներու համար, որոնց յղեց շնորհաւորութիւններ:
Ալի Երլիքայա ընդունելութեան ժամանակ մտերմիկ զրոյցի պահուն ակնարկեց համայնքային ընտրութիւններու ընթացքին՝ յայտնելով, որ կը բաժնէ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր մօտեցումները Պիւյիւքտէրէի եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդներու կազմերու վերանորոգութեան նպատակով նախատեսուած քուէարկութիւններու կազմակերպման շուրջ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան անցեալ շաբաթավերջին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս պատարագեց Փրովիտընսի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Արդար կամ անարդար կշիռքներու մասին որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է Առակացին մէջ:
Պատասխան.
Անշուշտ: 11-րդ գլուխին առաջին համարին մէջ կը կարդանք. «Նենգուած կշիռքը Տիրոջ առջեւ պիղծ է, բայց ուղիղ կշիռքի քարը Անոր հաճելի է»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երջանկութիւնը հիւսուած է մանրաթելերով: Բաղադրատոմսի բաղկացուցիչ մասը կը կազմէ՝ ներդաշնակութիւնը, համերաշխութիւնը, փոխըմբռնումը, հանդուրժողութիւնը, համբերութիւնը, վստահութիւնը, գնահատանքը՝ համեմուած սիրով:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արարչագործութիւնը հի՛մն է Աստուծոյ փրկչական բոլոր ծրագիրներուն. սկիզբը փրկութեան պատմութեան, որ իր բարձրակէտին կը հասնի Քրիստոսով։ Հակադարձաբար, Քրիստոսի խորհուրդը վճռական լո՛յսն է արարչագործութեան խորհուրդին. ան կը յայտնէ այն նպատակը, որուն հեռանկարով. «Աստուած ստեղծեց սկիզբէն երկինքը եւ երկիրը». (ԾՆՆԴ. Ա 1)։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կեանքի մէջ կան իրականութիւններ, ինչ որ մեր սպասածին հակառակ, կրնան ամբողջութեամբ տարբեր ազդեցութիւն գործել մարդ արարածի կեանքին մէջ. անոնցմէ մէկն է բարկութիւնն ու ջղայնութիւնը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Կեանքը պայքար մըն է»։ Եւ ամէն պայքար կը կարօտի քաջութեան, հաստատակամութեան, տոկունութեան, որոնք ալ իրենց հերթին կը կարօտին ժամանակի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ անարդարութեան դիմաց լուռ մնալը անմարդկութիւն է այնքան՝ ինչքան այդ անարդարութիւնը կեանքի կոչելը եւ կամայ թէ ակամայ բոլորս ալ այդ վիճակին մէջ կը գտնուինք, որովհետեւ անմարդկային անարդարութիւններ օրական դրութեամբ կը կատարուին եւ մենք կը շարունակենք մնալ անտարբեր:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022

Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը նոր հարթութիւն մը թեւակոխեց։ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Ատրպէյճան փակեց Լաչինի միջանցքը եւ այսպէսով խզուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի կապը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ատրպէյճան փակած է Լաչինի միջանցքը. Ռուսաստանի խաղաղապահներու հերթական ձախողումը:
Մեծ պատերազմի մը ծագիլը այդքան ալ հաւանական չէ՝ քանի այս պահուն կայ Մոսկուա-Անգարա ամուր կապը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022

Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անցեալ կիրակի տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ատըեամանցի բարեսէր հայերու մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան նախագահ Սատըք Պաքըրճըօղլուի ջանքերով կազմակերպուեցաւ Սուրբ Մկրտութեան խորհրդակատարութիւն մը, որով Թուրան Չէչէն եւ իր դուստրը՝ Տիճլէ Չէչէն մկրտուեցան Հայ Եկեղեցւոյ աւազանէն եւ դրոշմուեցան սրբալոյս միւռոնով։

Էջեր