Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ պատահած ահաւոր պայթումին կապակցութեամբ երէկ ցաւակցականներ ուղարկեց պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերուն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Քարիւղի յայտնաբերումը երկար պատմութիւն մը չունի։ Ան անցեալ դարու սկիզբներէն ի վեր սկսաւ կամաց-կամաց փոխել միջազգային տնտեսութեան կառուցուածքը. հասնելով մեր թուականներու ամենաբարձր այսպէս կոչուած՝ քարիւղային վիճակին, ինչ որ կրնանք բնութագրել երկու դրսեւորումներով՝
1.  Քարիւղի տնօրինում՝ իր բոլոր փուլերով. պեղել-գտնել, հանել-մշակել, ապա արտահանել ու վաճառել:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Յիսուս ըսաւ. «Ինչ որ Հօրմէս խնդրէք Իմ անունովս՝ պիտի տրուի ձեզի» (Յհ 16.23): Ինչո՞ւ Իր անունը կը շեշտէ, միջնորդի պէտք ունի՞նք:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Պետական համալսարանի՝ գլխաւոր մասնաշէնքի նախասրահին մէջ դրուեցաւ հայ մեծ պատմաբան, հայագէտ, բառարանագէտ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Երուանդ Տէր-Մինասեանի կիսանդրին:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ի հեճուկս ուրիշի մը վնասուած ըլլալուն՝ մէկու մը տիրացած արժէքները եւ այդ մէկուն ուրիշի մը առանց վնաս պատճառելու տիրացած արժէքները զանազանել՝ ազատութեան եզրին ամենէն կարեւոր հարցն է»։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին ընկերութիւնները մի՛շտ մերժած ու օտարած են բոլո՛ր այն անձերը, որոնք ուզած են սեռափոխուիլ եւ կամ յատուկ հետաքրքրութիւն ու սէր ունեցած են նոյն սեռին նկատմամբ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ հերթական անգամ խախտեցին հրադադարը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022

Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց Պէյօղլուի մէջ երէկ պատահած պայթումին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ՝ վշտակցութիւն յայտնելով զոհուածներուն համար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022

Իսթիքլալ պողոտային վրայ երէկ տեղի ունեցաւ ահաւոր պայթում մը, որ խլեց 6 մարդու կեանք, կայ 81 վիրաւոր:
Ռումբը թողած անձը արդէն հսկողութեան տակ: Նախագահ Էրտողան վճռակամ ազդարարութիւններով յայտարարեց, որ դէպքը պիտի բացայայտուի:
Պէյօղլուի ցնցիչ իրադարձութեան բերումով համայն աշխարհ կը զօրակցի Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ վրայ, որու համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022

Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դարձեալ անդրադարձաւ համայնքային ընտրութիւններուն:
«Թեկնածուները պիտի ճանչնանք։ Կարգ մը վարիչներ պիտի երթան, ոմանք ալ պիտի մնան։ Դուք գիտէ՞ք, թէ մեր հաստատութիւնները քանի կալուած ունին։ Ես ալ չեմ գիտեր։ Այստեղ տարօրինակութիւն մը չկա՞յ»:
Նորին Ամենապատուութիւնը հայրաբար կոչ ուղղեց, որպէսզի ընտանիքները հայկական վարժարան առաջնորդեն իրենց դպրոցահասակ զաւակները. «Մեր դպրոցները լաւ են»:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Հայաստանի Արտաշատ քաղաքին մէջ, Մասիացոտնի թեմի առաջնորդանիստ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ո՛չ յօդուածներու տեսքով, ո՛չ ալ ռազմական օժանդակութեան ձեւաչափով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն սպասումները ունին այն ներուժը, որուն վրայ հիմնուելով հայ ժողովուրդը փրկութեան լաստ մը պիտի ունենայ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը հրատարակեց Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երբ իյնանք, կը նայինք մեր շուրջը եւ կը փնտռենք մեզ օգնելիք մէկը: Կ՚ուզենք, որ մէկը գայ ու մեր վէրքը սպիացնէ, մեզ լսէ, հասկնայ ու բուժէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սորվելու ամենամեծ արգե՛լքն է գիտնալ կարծել։ Մարդ երբ ինքզինք «ամենագէտ» կարծէ, նաեւ կարծէ, թէ իր գիտցածները ամբողջ գիտութիւնն է, սորվելու եւ գիտնալու համար քայլ մը իսկ չի կրնար յառաջանալ եւ կը բաւարարուի միա՛յն իր գիտցած կարծածներով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ մեր յօդուածներուն մէջ խօսած ենք անցեալին ունեցած կարեւորութեան մասին եւ յայտնած մեր սէրը անցեալի նկատմամբ՝ ուր համեմատած ներկայի աւելի առողջ ու գիտակից սերունդ մը ունեցած ենք:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2022

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Բնական աղէտներէ, արկածներէ, պատերազմական գործողութիւններէ եւ բռնարարքներէ փրկուածներու պատմութիւնները միշտ հետաքրքրական եղած են, մանաւանդ իրական, նորօրեայ դրուագները: Փրկուածները միշտ բնազդաբար գոյատեւելու ձգտում կ՚ունենան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն միջոցներ գտնելու:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերջին շաբաթներուն շրջանառութեան մէջ դրուիլ սկսաւ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին խօսակցութիւնը։ Սա սոսկ մամուլի էջերուն կամ վերլուծաբաններու բերնին մէջ ամէն առիթով «հալող կարագի» կտոր մը չէ, անշուշտ, ո՛չ ալ թերթի սիւնակ մը փակելու նիւթ, այն շատ առանցքային է մանաւանդ հիմա, երբ ներքին կարգով երկու երկիրները այնքան պէտք ունին իրարու։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այս կիրակի օրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 25.9-26.7:
Պօղոս առաքեալին Փիլիպպեցիներուն ուղղած նամակէն 1.1-11:
Ղուկասի Աւետարանէն 9.44-50:

Էջեր